«ԱՐԴԵՕ՞Ք ՀԱՅԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԵԼՈՒ ԱՏԵՆ ԷՐՏՈՂԱՆԸ ԱՆԿԵՂԾ ԷՐ», ՀԱՐՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂ ՄԵՀՄԵՏ ԵԸԼՄԱԶ
«Այս երկրին մէջ հայ ուղղափառ քաղաքացիներ ունի՞նք։ Անշուշտ։ Հայ քաղաքացիները տուրքեր կը վճարե՞ն։ Անշուշտ։ Անոնց հաւատքը պատշաճ կերպով կազմակերպելը քու ալ պարտականութիւնդ է»։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այս խօսքերով պատասխանած է ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի, որ Էրտողանը քննադատած էր ըսելով, որ վերջինս մզկիթները կը քանդէ եւ փոխարէնը եկեղեցիներ կը կառուցէ։ Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած է Մեհմետ Եըլմազի յօդուածը, որ կը վերաբերի Էրտողանի վերոնշեալ խօսքերուն։ Ըստ Եըլմազի, վարչապետի կողմէն այսպէս արտայայտուիլը կարեւոր է, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ հրեաները, հայերը, յոյները, ասորիները պարզապէս կրօնական այլադաւանութեան համար միշտ խտրականութեան հանդիպած են։
Թուրք սիւնակագիրը կը նկատէ, որ անոնք ալ բոլորին նման տուրք կը վճարեն, կը ծառայեն բանակին մէջ, կը մասնակցին ընտրութիւններուն, սակայն երկար տարիներ կը շարունակեն այնպիսի վերաբերմունքի արժանանալ, կարծես թէ «օտարականներ» ըլլան։
Անշուշտ, պետութեան պարտականութիւնն է առանց կրօնական խտրականութեան կարողանալ ապահովել իր քաղաքացիներու դաւանանքի ազատութիւնը, սակայն որքան ալ ատիկա կարեւոր է, միեւնոյնն է, ատիկա կարելի չէ բաւարար համարել։
Ըստ անոր, ըսել թէ «եկեղեցիներ կը վերանորոգեմ», չի նշանակեր, որ պետական այլ պատասխանատու գործերը չքացան։
«Կեզի հանրապարտէզի իրադարձութիւններուն ժամանակ հայերու, յոյներու եւ հրեաներու հասցէին ցեղապաշտական բնոյթի խօսքեր ըսած Պոլսոյ քաղաքապետի խորհրդականը տակաւին կը շարունակէ պաշտօնավարել։ Եթէ Էրտողան ամէնայն անկեղծութեամբ կը խօսէր, ապա այս ամէնը ինչպէ՞ս կը բացատրէք», կը գրէ Եըլմազ։