«ԳԹԱՍՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻ ՔՈՅՐԵՐ՝ ՀԱՅ ՀԻՒԱՆԴԱՊԱՀՈՒՀԻՆԵՐ, 1900-1930»


 

Կարին Սաղտճեան «Հորիզոն» շաբաթաթերթի կայքէջի անգլերէն ենթաբաժինին մէջ ունի գրախօսական մը՝ Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլի գիրքին մասին: Սաղտճեան կը գրէ, որ  հայ հիւանդապահուհիներու Մեզիրէի (ներկայիս Էլազիկ) մէջ Անի Թրէյսի Ռիկզի յիշատակի հիւանդանոցին մէջ հայ հիւանդապահուհիներու 1921-ի թուակիր լուսանկար մը եւ Քանատայի Օնթարիօ նահանգի Համիլթըն քաղաքին մէջ 24 Ապրիլի ոգեկոչման մանկութեան յիշատակ մը՝ պատմաբան Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլը մղած են գրելու իր «Գթասրտութեան եւ վերապրումի քոյրեր՝ հայ հիւանդապահուհիներ, 1900-1930» խորագիրով գիրքը, որ հրատարակուած է 2012-ին, Անթիլիասի մէջ, Լիբանան։

Գիրքը կը կեդրոնանայ Համաշխարհային Ա պատերազմէն առաջ եւ ետք Օսմանեան կայսրութեան, Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ արեւմուտքի կազմակերպութիւներու ղեկավարութեամբ բժշկական հիմնարկներու մէջ հայ հիւանդապահուհիներու դերակատարութեան վրայ։

Գիրքը մանրամասն կերպով կը հետազօտէ Օսմանեան կայսրութեան եւ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան հիւանդանոցներու ցանցի կազմութիւնը եւ գործունէութիւնը։

Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի, Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ աւելի քան 15 արխիւներ եւ 5 լեզուներով փաստաթուղթեր օգտագործելով՝ Գաբրիէլեան-Չըրչիլ կը ներկայացնէ այն պատմական շրջագիծը, որուն մէջ վերոնշեալ հիմնարկները հաստատուած էին, ինչպէս նաեւ այդ հիմնարկներու գործունէութեան եւ հայկական մարդասիրական կազմակերպութիւններու թափած ջանքերուն մասին մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ։

Գաբրիէլեան-Չըրչիլ կը նշէ, որ հայկական բժշկութիւնը սկիզբ առած է Միխիթար Հերացիի օրերուն, իսկ18-19-րդ դարերուն Արեւմուտքի մէջ ուսում ստացած հայ բժիշկներ Սուլթաններու անձնական բժիշկներն էին եւ նորագոյն դարմանումի ձեւերը կը կիրարկէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Միսիոնարներու կողմէ դարմանատուներու բացումէն շատ առաջ՝ հայերը կառուցեցին հիւանդանոցներ, ուր հայ կիներ ծառայեցին իբրեւ հիւանդապահուհիներ, ինչ որ նկատառելի յառաջդիմութիւն մըն էր ի բաղդատութիւն թուրք կիներու, որոնց համար արեւմտեան դաստիարակութեամբ հիւանդապահութեան ուսուցումները  սկսան 1920-ական թուականներու վերջաւորութեան։

Այդ բժշկական կեդրոններն ու անոնց անձնակազմը Համաշխարհային առաջին պատերազմին ընթացքին ստիպուեցան ծառայել թրքական բանակին մէջ եւ հետագային հոգ տարին Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն։

Պատերազմի ընթացքին ամերիկեան մարդասիրական «Նիր Իսթ Ռըլիֆ»-ը (Near East Relief – NER – Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց -) սկսաւ սննդեղէն, պատսպարան եւ բժշկական ծառայութիւններ մատուցել հայ որբերու եւ գաղթականներու։ Հայ հիւանդապահուհիները անգամ մը եւս կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան Սվազի, Այնթապի, Հալէպի եւ Խարբերդի մէջ NER-ի հիւանդանոցներուն եւ որբանոցներուն մէջ։

Գաբրիէլեան-Չըրչիլ կը ներկայացնէ 1920-1924-ին Հայաստանի մէջ համաճարակներու դէմ պայքարելու եւ որբերը պատսպարելու աշխատանքին մէջ NER-ի հսկայական դերակատարութիւնը։ Թերեւս NER-ի ամէնէն կարեւոր դերակատարութիւնը 1920-1923-ի միջեւ 22 հազար հայ որբեր Թուրքիայէն դուրս բերելն էր։

Ան կը նշէ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը արմատական փոփոխութեան ենթարկեց հիւանդապահութեան նկատմամբ աւանդական մօտեցումները։ Հիւանդապահութիւնը այլեւս նուաստացուցիչ գործ մը չէր, այլ՝ ազգի մնացորդացին վերապրումին համար կենսական գործ մը։ Մեզիրէի «Էյ.Թի.Առ»-ի եւ Գիւմրիի «Ուինչեսթըր» հիւանդապահուհիներու պատրաստութեան դպրոցներու մէջ ծրագիրները վերսկսան։ Ըստ գրքի հեղինակին, վերջինս Հայաստանի մէջ հիւանդապահուհիներու պատրաստութեան արեւմտեան ոճի առաջին դպրոցն էր։

Գաբրիէլեան-Չըրչիլ լուսարձակի տակ կ՚առնէ հայկական մարդասիրական կազմակերպութեանց, մանսաւորաբար Հայ Կարմիր Խաչի (Հայ Օգնութեան Միութեան), Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) եւ Հայ Պետական Խաչի (ձախակողմեան սովետամէտ) գործունէութիւնները։

Գաբրիէլեան-Չըրչիլ գիրքի վերջաւորութեան «Էյ.Թի.Առ»-ի մէջ հայ հիւանդապահուհիներու հակիրճ կենսագրականները կը ներկայացնէ։ Գիրքի 12 գլուխներուն մէջ կարելի է գտնել պատմական խօսուն եւ հազուագիւտ լուսանկարներ, որոնք հայ կիներու հիւանդապահութեան պատմութիւնը կը պատմեն։

Գիրքը կը վերակենդանացնէ ժրաջան աշխատանք տանող հայ կիները, որոնք յաճախ մոռացութեան մատնուած են, սակայն հայ ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանին ընթացքին մեծ դերակատարութիւն ունեցած են։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.