ՀՅԴ Կը Մասնակցի Ուաշինկթընի Քրտական Խորհրդաժողովին
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ «Քրտական դերը նոր Միջին Արեւելքի մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան քիւրտ քաղաքական գործիչներ՝ Թուրքիայէն, Սուրիայէն, Իրանէն եւ Իրաքէն: Անոնց կողքին նաեւ մասնակցեցան տեղացի արտաքին քաղաքականութեան մասնագէտներ:
Խորհրդաժողովը իր տեսակով առաջինն է, որ կը կազմակերպուի Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուցչութիւն ապահոված քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու գրասենեակին կողմէ. անիկա կայացաւ Ազգային մամլոյ ակումբի կեդրոնին մէջ:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ հայկական պատուիրակութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ խորհրդաժողովին եւ քիւրտ քաղաքական գործիչներու հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ հայ-քրտական յարաբերութիւնները խորացնելու միջոցներուն շուրջ:
Խորհրդաժողովի յայտագիրը կազմուած էր չորս գլխաւոր հարցեր քննարկող նիստերէ, որոնք առիթ եղան բազմատեսակ կարծիքներու առողջ փոխանակման: Քննարկուած նիւթերն էին՝ «Քիւրտերը փոփոխուող Միջին Արեւելքի մէջ», «Սուրիոյ քիւրտերը եւ ապագայի իրենց պատկերացումը», «Իմրալըի (Օչալանի բանտավայրը) խաղաղութեան գործընթացը. Կարելի՞ է թուրք-քրտական յարբաբերութիւնները վերականգնել» եւ «Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա եւ քիւրտերը. Դէպի նոր պատկերացում»:
Մասնակիցներու շարքին էին Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ, խորհրդարանի անդամ Նազմի Կիւր, Իրաքի Քիւրտիստանի շրջանային կառավարութեան Ուաշինկթընի գրասենեակի ներկայացուցիչ Քարուան Զեպարի, Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճէյմզ Ճեֆրի, ինչպէս նաեւ լրագրողներ Ճենկիզ Չանտար եւ Ամպերին Զաման:
«Կ՛ողջունենք Ուաշինկթընի մէջ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կազմակերպած այս առաջին խորհրդաժողովը եւ այն առիթը, որ ընծայեց օգտակար երկխօսութեան մը՝ հայ-քրտական համագործակցութեան, Արեւմտահայաստանի եւ Քիւրտիստանի, եւ աւելին՝ հայերու ու քիւրտերու ազգային եւ ժողովրդավարական ձգտումներուն մասին», յայտնեց Տէր Խաչատուրեան: