Թաներ Աքչամ. Թրքական Պետութենէն Հայոց Ցեղասպանութեան Համար հաշիւ եւ Դատաստան Պահանջող Յանձնառու Թուրքը
Հոկտեմբեր 23-ի այս օրը կը լրանայ ծննդեան վաթսունամեակը մեր օրերուն ապրող թո՛ւրք հանրածանօթ ու խիզախ մտաւորականի մը՝ Թաներ Աքչամի, որ շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր համարձակախօս ու անվեհեր կանգնած է թուրք հանրային կարծիքին եւ ընդհանրապէս միջազգային հանրութեան առջեւ՝ դատ ու դատաստան պահանջելով հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած, անպատիժ մնացած եւ մինչեւ այսօր ուրացման ու հալածանքի ձեւերով շարունակուող մեծ ցեղասպանութեան համար։
Թաներ Աքչամ անունը ինքնին արդէն խորհրդանիշ դարձած է հայ ժողովուրդին դէմ պետականօրէն գործադրուած Թուրքիոյ ցեղասպանական ոճիրը քաղաքականօրէն ճանչցող, պատմագիտականօրէն հաստատող եւ մարդկայնօրէն դատապարտող թուրք մտաւորականներուն։
Իբրեւ այդպիսին՝ մերօրեայ թուրքը ճանչնալու եւ հասկնալու առումով ուսանելի ԵՐԵՒՈՅԹ է Թաներ Աքչամ։ Դրօշակիրն է թուրք քաղաքական մտքի այն թեւին, որ թէեւ տակաւին փոքրամասնութիւն կը կազ- մէ հակահայ ֆաշիզմով դաստիարակուած թուրք հասարակութեան մէջ, այսուհանդերձ՝ յանդգնութեամբ փարած է թուրք ազգային յիշողութիւնը ցեղապաշտ, ամբողջատիրական եւ ֆաշական մտածողութեան կապանքներէն ազատագրելու, պատմական ճշմարտութեանց վրայ խարսխելու եւ, աւելի՛ն, թրքական ինքնաճանաչումը արդի ժամանակներու մարդկայնական վեհ արժէքներու հունով յառաջ մղելու գաղափարական դժուարին պայքարին։
Թրքական իր ինքնութիւնը եւ ազգային պատկանելութիւնն ու ինքնասիրութիւնը ուրացող մը կամ արհամարհող մը չէ Աքչամ։ Իր կարգին նախանձախնդիր է, որ թուրք ազգը իր արժանի տեղը գրաւէ այս արեւուն տակ՝ յառաջադէմ մարդկութեան քաղաքակրթական երթը հունաւորող ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ։ Եւ նոյն այդ նախանձախնդրութենէն կը բխի Աքչամի օրինակով թուրք մտաւորականներու յանդգնութիւնը՝ նուիրուելու ի խնդիր սեփական պատմութեան հետ հաշտ ապրելու, անցեալի սխաները չուրանալու եւ, ազգային ժառանգութեան սեւ բիծերու մաքրաջրումով, Թուրքին յանցանքի ու ամօթի զգացողութիւնը յաղթահարելու պայքարին..
Տարբեր կողմնորոշում եւ ուղղութիւն չէր կրնար որդեգրել 23 Հոկտեմբեր 1953-ին Արտահան ծնած Թաներ Աքչամ, որ Անգարայի համալսարանին մէջ տնտեսագիտութեան ուսանող էր տակաւին, 1974-ին, երբ օրուան իշխանութեանց կողմէ ձերբակալուեցաւ Կիպրոսի վրայ Թուրքիոյ գործած զինւորական ներխուժման դէմ ուսանողական բողոքի շարժումին մասնակցած ըլլալու յանցանքով։ 1975-ին Աքչամ դարձեալ ձերբակալուեցաւ՝ Անգարայի փողոցներուն մէջ ժողովուրդին յեղափոխական թռուցիներ ցրուելու եւ պատերուն վրայ նոյնիմաստ աֆիշներ փակցնելու մեղադրանքով։ Զոյգ ձերբակալութիւններն ալ քանի մը օր տեւողութեամբ արգելափակումներ էին, որոնք ծառայեցին քսանամեայ Աքչամի մէջ թրքական պետութեան բռնիշխանական եւ ֆաշական բնոյթին դէմ ծառացումն ու պայքարը խորացնելու։
Այդպէ՛ս էր, որ Աքչամ միացաւ «Յեղափոխական Ուղի» ձախակողմեան կազմակերպութեան եւ ստանձնեց խմբագրութիւնը այս վերջինի «Յեղափոխական Երիտասարդութիւն» պարբերաթերթին, որուն էջերէն բուռն քննադատութեան եւ դատապարտումի թիրախ դարձուց Թուրքիոյ քիւրտ փոքրամասնութեան դէմ գործադրուող խտրականութեան, ճնշումի եւ հալածանքի պետական քաղաքականութիւնը։ Իր այդ գործունէութեան համար 9 Մարտ 1976-ին Աքչամ վերստին ձերբակալուեցաւ, բայց այս անգամ դատարան տարուեցաւ պետական յեղաշրջում հրահրողի յանցանքով եւ դատապարտուեցաւ 10 տարուան բանտարկութեան։
Թէեւ օրին միջազգային ազատախոհական Amnesty International կազմակերպութիւնը դատապաշտպան կանգնեցաւ Աքչամի եւ աշխարհով մէկ պայքարեցաւ յօգուտ թուրք ուսանողի ազատ արձակման, բայց թրքական իշխանութիւնները անդըրդուելի մնացին։ Շուրջ տարի մը Աքչամ մնաց բանտի մէջ, մինչեւ որ կրցաւ՝ բանտային իր խուցի երկաթեայ վառարանին մէկ ոտքը օգտագործելով, հողը փորել եւ փրկութեան ելքի ծակ մը բանալ… 12 Մարտ 1977-ին Աքչամ փախուստ տուաւ բանտէն, քաղաքական ապաստան խնդրեց Արեւմտեան Գերմանիայէն, դրական ընդառաջում գտաւ եւ մեկնեցաւ Գերմանիա։
1977-էն ի վեր, իր կեանքին սպառնացող ամէն վտանգ ու հալածանք յանձն առնելով՝ Թաներ Աքչամ կը շարունակէ իր պայքարը յանուն թրքական պետութեան արմատական վերափոխման, ժողովրդավարացման եւ մարդկայնացման։
Ընդհանուր այդ պայքարին մէջ Աքչամ յատուկ նշանակութիւն եւ մեծ կարեւորութիւն կու տայ ինչպէս հայ ժողովուրդի դէմ գործուած ցեղասպանութեան ճանաչումին ու դատապարտումին, այնպէս ալ քիւրտ, յոյն եւ ասորի ազգութեանց դէմ թրքական պետութեան գործադրած հալածանքի եւ ճնշումի քաղաքականութեան վերջ տալու շարժումին։
Ակադեմական իր ամբողջ պատրաստութիւնն ու յանդուգն մտաւորականի իր ուժականութիւնը Աքչամ նուիրաբերած է այդ պայքարին։ Արդէն իր անունին կապած է պատմագիտական հարուստ գրականութիւն մը, միաժամանակ դասախօս է Գերմանիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համալսարաններուն մէջ եւ դասախօսութիւններով, զեկուցումներով ու բանավիճային ելոյթներով մնայուն ներկայութիւն է Թուրքիոյ ընդհանուր վերափոխման պայքարին առնչուող միջազգային բոլոր կարեւոր հանդիպումներուն։
Պատահականօրէն չէ, հետեւաբար, որ Թաներ Աքչամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ ճակտին խարանուած «Ամօթալի Արարք Մը» հռչակեց (համանուն գիրքի հրատարակութեամբ)։
Նոյնպէս պատահական չէ, որ սկսելով Թուրքիայէն եւ հասնելով մինչեւ Եւրոպա ու Ամերիկեան ցամաքամասի ափերը, թուրք ֆաշականները այսօր ալ կը շարունակեն մահուան սպառնալիք տեղացնել թուրք մտաւորականութեան այս եզակի ներկայացուցիչին վրայ։
Յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան իր մղած ակադեմական, մտաւորական ու քաղաքական անդուլ պայքարին համար՝ Թաներ Աքչամ արժանացած է ոչ միայն յոյն, քիւրտ եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի երախտագիտութեան, այլեւ միջազգային յառաջադէմ հանրութեան անխառն գնահատանքին ու զօրակցութեան։ Տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ Աքչամ արժանացաւ Ա.Մ.Ն. Մերձաւոր Արեւելքի Ուսումնասիրութեանց Ընկերակցութեան (MESA) «Հուրանի» գիրքի 2013-ի մրցանակին՝ «Երիտ թուրքերու մարդկութեան դէմ կատարած յանցագործութիւնը. Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ էթնիկ զտումները Օսմանեան Կայսրութեան մէջ» աշխատասիրութեան համար։
Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայկական Հարցին նուիրուած գիտական բոլոր համագումարներուն, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, հայկական թէ միջազգային մակարդակի, Թաներ Աքչամ անպայման ներկայութիւն է եւ արդարամիտ թուրք մտաւորականի իր յանձնառու խօսքն ու պատգամը վառ կը պահէ օրակարգի վրայ։
Նազարէթ Պէրպէրեան