ՍՈՒՐԻՈՅ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՀԱՐՑԵՐԸ ՎՃՌՈՂԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԳԱՂՏՆԻ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏՆ Է


 

Մայիսեան անձրեւոտ օր մը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ամէնէն սերտ խորհրդատուներէն երկու անձերու ընկերակցութեամբ մուտք գործեց Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակը ունենալու հանդիպում մը, որուն մասնակից երկու կողմերն ալ գիտէին, որ տարբեր բնոյթի պիտի ըլլար։ Հանդիպումը շուրջ մէկ տարիէ ի վեր Էրտողանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի միջեւ առաջինն էր։ Ըստ ամերիկացի պաշտօնատարներու, Օպամա իր սովորութեան հակառակ փոխանցեց կոշտ պատգամ մը. Միացեալ Նահանգներ կը հաւատան, թէ Թուրքիա կ’արտօնէ, որ Սուրիա անխտիր կերպով ներթափանցեն զինեալներ եւ զէնքեր, որոնք երբեմն ուղղուած են ըմբոստներու «սխալ» խմբաւորումներու, ներառեալ ժիհատականներու։ 

Էրտողանի կողքին նստած էր Միացեալ Նահանգները անհանգստացնող կացութեան մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունեցող անձ մը՝ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան ազդեցիկ ղեկավար եւ ըմբոստներուն զէնքի մատակարարման ու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը տապալելու ջանքերուն մղիչ ուժը եղող Հաքան Ֆիտանը։ Ֆիտան, որ Միջին Արեւելքէն դուրս քիչերու ծանօթ է, Միացեալ Նահանգներու երկարատեւ դաշնակիցին շահերը երբեմն ամերիկեան շահերուն հակառակ ուղղութեամբ առաջնորդած թրքական շրջանային ապահովական ռազմավարութեան գլխաւոր ճարտարապետններէն մէկն է։ 

Ըստ վերջերս Թուրքիոյ եւ Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը վարած Ճէյմզ ՃեՖրիի, Հաքան Ֆիտան Միջին Արեւելքի նոր դէմքն է եւ ամերիկացիք իրենց գործը յաջողցնելու համար պէտք է անոր հետ գործակցին, սակայն պէտք չէ ենթադրեն, որ Ֆիտան Միացեալ Նահանգներու առջեւ ծունկի եկող բարեկամ մըն է, որովհետեւ այդպիսին չէ։

Ֆիտան մէկն է այն գաղտնի սպասարկութեանց երեք ղեկավարներէն, որոնք կը փորձեն ապահովել, որ իրենց երկիրները լեցնեն այն ղեկավարութեան բացը, որ ստեղծուած է տարածաշրջանին մէջ տիրող կացութեան եւ այդ տարածքին նկատմամբ ամերիկեան փորձառական մօտեցումին իբրեւ հետեւանք։ Անոր գործակիցներէն մէկն է սէուտական գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Պանտար պըն Սուլթանը, որ Սուրիոյ մէջ «Սի.Այ.Էյ.»-ի դաշնակիցն է, սակայն Եգիպտոսի մէջ զինուորական յեղաշրջումին զօրակցելով՝ այդ երկրին մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան համար բարդութիւն ստեղծած է։ Միւսը՝ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի թեւերէն, ուղղակի աջակցութեամբ Ասատը իշխանութեան վրայ պահելու նպաստող «Քուտս» ջոկատի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Քասեմ Սլէյմանին է։

ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԻ ՄԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻԼԸ

Ֆիտանի ականաւոր դէմքի մը վերածուիլը կը զուգադիպի Թուրքիոյ վրայ ամերիկեան ազդեցութեան նկատառելի նուազումին։ Ուաշինկթըն ՕԹԱՆ-ի երկրորդ մեծագոյնը եղող թրքական բանակին հետ երկարատեւ ու սերտ յարաբերութիւններ ունեցած է։

Սակայն, ներկայ եւ նախկին ամերիկացի պաշտօնատարներ կը նշեն, որ Թուրքիոյ զօրավարները ներկայիս ենթակայ են Էրտողանի եւ անոր ամէնէն սերտ խորհրդականներ Ֆիտանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի, որոնք «Արաբական գարուն»-ը կ’օգտագործեն Թուրքիոյ ուշադրութիւնը իր շրջանային ղեկավարի դերակատարութեան ընդլայնման վրայ կեդրոնացնելու համար։

Քննարկումներուն մասին զեկուցում ստացած ամերիկացի պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած վերոնշեալ հանդիպումին ընթացքին, թուրքերը մերժած են այն ակնարկութիւնը, թէ իրենք արմատականներու կ’աջակցին եւ փորձած Միացեալ Նահանգները մղել աշխուժ կերպով ընդդիմութիւնը զինելու։

Թուրք եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ թուրք պաշտօնատարներ այս տարի այսպիսի հանդիպումներ օգտագործած են Օպամայի վարչակազմին յայտնելու համար, որ ընդդիմադիրներուն աջակցելու փոքր ծաւալի ջանքերը ձախողած են Ասատը տապալել։Ֆիտան Թուրքիոյ վարչապետին քաղաքականութիւնը կիրարկող գլխաւոր դէմքն է։ 2010-ին Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան, «Միլլի Իսթիհպարաթ Թեշքիլաթի»-ի կամ ՄԻԹ-ի ղեկավարութիւնը ստանձնելէ ի վեր՝ Ֆիտան գործակալութեան գործունէութիւնը Էրտողանի հետաքրքրութեանց համահունչ դարձուցած է։

ՏԱՐԱՏԵՍԱԿ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Անոր դերակատարութեան աճը Ուաշինկթընի մէջ ընկալուած է ահազանգով, կասկածանքով եւ ոխակալ յարգանքով։ Ուաշինկթընի պաշտօնատարները զինք Եգիպտոսի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ նման շրջանային հարցերով Էրտողանի վստահելի փոխանորդ մը կը նկատեն։Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը կը յայտնէ, որ երեք տարի առաջ Ֆիտան մտահոգութիւն յառաջացուցած է, երբ Թուրքիոյ դաշնակիցներուն ապտակ մը հասցուց Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլի կողմէ հաւաքուած գաղտնի տեղեկութիւնները Իրանի փոխանցելով։ Իսկ այժմ, Սուրիոյ հարցին նկատմամբ Թուրքիոյ մօտեցումը, որ Ֆիտանի կողմէ կը կիրարկուի, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հակասութիւններ ստեղծած է։ Երկու երկիրներն ալ Ասատի հեռացումը կ’ուզեն։ Սակայն թուրք պաշտօնատարներ ամերիկացիներուն յայտնած են, որ իրենք ընդդիմադիրները զինելու միջազգային աշխուժ ջանք մը այդ նպատակը իրագործելու լաւագոյն միջոցը կը նկատեն։ 

Միացեալ Նահանգներու կիրարկած զգուշաւոր մօտեցումը կ’արտացոլացնէ այն իրողութիւնը, որ անոնց համար առաջնահերթութիւնը զէնքերը ժիհատական խմբաւորումներուն ձեռքը չանցնիլն է, որովհետեւ ամերիկացի պաշտօնատարները զանոնք ամերիկեան շահերուն աւելի մեծ վտանգ մը կը նկատեն քան՝ Ասատը։

Մինչ արմատական իսլամականները Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ յառաջխաղացք կ’արձանագրեն՝ թուրք պաշտօնատարներ, ոչ թէ ամերիկեան գանգատներէ, այլ Թուրքիոյ անվտանգութեան սպառնալիքէն մղուած սկսած են իրենց քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկել։
«Սթրաթրիսքզ» կայքէջ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.