Հայկական Ցեղասպանութեան Լաւալի նորակառոյց յուշարձանին շուրջ գանատահայութիւնը վերանորոգեց պահանջատիրութեան իր ուխտը
Հոկտեմբեր 20-ին, Գանատայի Քեպէգ նահանգի երրորդ մեծագոյն քաղաքը հանդիսացող Լաւալի քաղաքակեդրոնին մէջ, բացումը կատարուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին։
Խաչելութիւն-յարութիւն-վերածնունդ խորհրդանշող յուշարձանին հեղինակն է գանատահայ քանդակագործ Արտօ Չագմագեան։
Գանատացի պաշտօնական քաղաքական հիւրերու եւ բազմահարիւր հայրենակիցներու ներկայութեամբ արարողութիւնը սկիզբ առաւ Գանատայի եւ Հայաստանի պետական օրհներգներով եւ պետական դրօշներու շքախումբի մուտքով։
Օրուան հանդիսավար Անի Արեւեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց Լաւալի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանի միացեալ յանձնախումբի ատենապետ Սագօ Եագուպեանին, յուշարձանի յանձնախումբի անդամ Յովիկ Թիւֆէնքճեանին, Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի Միացեալ յանձնախումբի ատենապետ Մհեր Գարագաշեանին, որոնք միահամուռ հաստատեցին հայոց պահանջատիրութեան գծով գանատահայութեան վճռակամութիւնը։
Յուշարձանի հեղինակ Արտօ Չագմագճեան իր սրտի խօսքը փոխանցելով յայտնեց, թէ յուշարձանի խորքային իմաստը՝ յոյսն է։ Գեղարուեստական բաժինին մասնակցեցան երգիչներ Սարգիս Պարսէմեան, Էլի Պէրպէրեան, Լաուրա Պէրպէրեան, դուդուկահար Վաղարշակ Ատէմեան եւ հնգամեայ ասմունքող Կրէթա Մխիթարեան։
Շնորհաւորութեան եւ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ժոզլին Կերթէն, Քեպէգի խորհրդարանի անդամ Սուզան Փրուլ, Գանատայի խորհրդարանի անդամ Խոսէ Նունէ Մէլօ, Գանատայի խորհրդարանի անդամ Սթէֆան Տիոն եւ Գանատայի խորհրդարանի նախկին անդամ Մատլէն Տալֆոն Կիրալ, որոնք դատապարտեցին Հայկական Ցեղասպանութեան հանդէպ շղթայազերծուած ուրացման քաղաքականութիւնը եւ իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեցին գանատահայութեան։
Իր խօսքը փոխանցեց Գանատայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեան, որ նորանոր ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու համար՝ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։
Հայաստանի, Արցախի, Գանատայի, Քեպէգի եւ Լաւալի դրօշներուն հովանիին ներքեւ, Առաջնորդ Սրբազան Խաժակ Արք. Յակոբեան, Առաջնորդ Սրբազան Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, վերապատուելի Մանուէլ Ճինպաշեան եւ Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեան կատարեցին յուշարձանի օրհնութեան արարողութիւնը։
More photos on facebook by Horizon’s official photographer MIKE”S PHOTOS.
Log in to your facebook account