Տաւութօղլու Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Զուիցերիոյ Ցեղասպանութեան Յուշարձանին Առիթով
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիա պիտի շարունակէ աշխատանք տանիլ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ. Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11ին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին:
«Այդ նպատակին հասնելու համար, մենք կը ջանանք զարգացնել ստեղծագործ գաղափարներ», աւելցուցած է Տաւութօղլու՝ ըստ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ Անգարան կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, սակայն կրկին գործընթացը կապած է Արցախի հակամարտութեան:
«Որպէսզի կարգաւորումը տեւական ըլլայ, պէտք է լուծուին նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ խնդիրները, մասնաւորապէս՝ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը: Պէտք է վերջ դնել ատրպէյճանական հողերու բռ-նագրաւման», յայտարարած է ան:
Հակադարձելով Տաւութօղլուի այս յայտարարութեան՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Պալայեան, ըստ «Արմինֆօ»ի՝ ըսած է. «Հայ-թուրքական արձանագրութիւնների ստորագրումից անցել է չորս տարի եւ այս տարիների ընթացքում մենք թուրքական կողմի նոյն հին երգն ենք լսում՝ ինչ որ ստեղծագործ մօտեցումների մասին: Դրանք ոչ այլ ինչ են, քան միջազգային հանրութեան կողմից ակնկալուող արձանագրութիւնների առանց նախապայմանների վաւերացման եւ իրականացման գործընթացի թուրքական կողմից ձախողումը քօղարկելու շարունակական փորձեր»:
Նշենք, որ 4 տարի առաջ, Հոկտեմբեր 10ին, Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանն ու Ահմետ Տաւութօղլու ստորագրեցին յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նպատակով Հայ-թրքական արձանագրութիւնները, որոնք պէտք է վաւերացուէին երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ: Թրքական կողմի ապակառուցողական մօտեցումին եւ առաջ քաշած նախապայմաններուն պատճառով՝ արձանագրութիւնները ցարդ չեն վաւերացուած:
Միւս կողմէ, Տաւութօղլու Հոկտեմբեր 10ին հանդիպում մը ունեցաւ Զուիցերիոյ իր պաշտօնակիցին հետ: Շարք մը այլ հարցերու կողքին, թուրք նախարարը իր անհանգստութիւնը յայտնած է Զուիցերիոյ մէջ կառուցուող Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանին կապակցութեամբ:
Ըստ թրքական «Տողան» լրատու գործակալութեան՝ Տաւութօղլու ըսած է, որ Թուրքիա անհանգիստ է, որ 2015ի ընդառաջ, Ժընեւի մէջ պիտի կառուցուի Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձան մը: