ՀՈՇԱՆԱ 82 ՏԱՐԵԿԱՆԻՆ ԻՐ ԶԱՒԿԻՆ ԽՈՍՏՈՎԱՆԵՑԱՒ ՈՐ ՀԱՅ ԷՐ
Թուրքիոյ «Րատիքալ» թերթը հրատարակած է լրագրող Ահմէտ Ապաքայի վերջին գիրքին մասին շատ հետաքրքրական ու կարեւոր թղթակցութիւն մը, որ անգամ մը եւս ցոյց կուտայ, թէ Թուրք ընկերային ու ընտանեկան կեանքի շրջանակներէ ներս տակաւին ինչպիսի վերապահութիւն մը կը տիրապետէ Հայերու կամ Հայ ըլլալու իրողութեան նկատմամբ։
Լրագրող Ապաքայ «Հոշանային վերջին խօսքը» խորագրեալ իր գրքին մէջ կը պատմէ, որ իր մայրը, Հոշանան, 82 տարեկանին, մահուան անկողնին մէջ է խոստովանած է, որ ինք Հայ մըն էր։ Անոր մահէն ետք, Ապաքայ մեծ յուզումով գրի առած է այս գիրքը, բայց իր ազգականներուն ծանր քննադատութիւններուն նշաւակ դարձած է։ Իր մօրեղբօր զաւակները սպառնալիքներ ըրած են, «Դուն մեր հօրաքոյրին Հայ չես կրնար ըսել, ետ առ, այլապէս գիրքը հաւաքել կուտանք» ըսած են։ «Այս պարագան իսկ ցոյց կուտայ թէ մայրս իրաւացի է եղեր այսքան տարի իր հայ ըլլալը պահած ըլլալուն համար, հասարակութեան խաւերը այսօր իսկ պատրաստ չեն հայութիւնը ընդունելու», կ՚ըսէ Ահմէտ Ապաքայ։
Ապագայ Անգարայի մէջ իր գիրքի համար կազմակերպուած ստորագրութեան օրը այս մասին յայտարարութիւններ ըրած է «Կէօրիւնիւմ» թերթի աշխատակիցներ Նէլլի Սոքոլովայի ու Վուրալ Էրիշմիշի։ Պատմած է որ իր մայրը կտակ ըրած էր որպէսզի իր հայ ըլլալուն մասին չգրէ մինչեւ որ ինք չմահանայ։ Ասիկա շատ յուզիչ պարագայ մըն էր եւ ինք, որքան ալ վարանումներ ունենար, որոշեց գրել։ Իր կինն ու զաւակներն ալ համամիտ եղան, բայց ընտանիքի միւս անդամները անհանգստացան։
«Ես այս գրքին կարգ մը բաժինները գրելու ընթացքին լացի, յուզումի պահեր ապրեցայ» ըսած է ան աւելցնելով որ գրքին հրատարակութենէն վերջ թէեւ քննադատողներ եղան, բայց եղան նաեւ գնահատողներ եւ հայ գրողներ իրեն ըսին. «Բարի եկար մեր մէջ»։