ԹՈՒՐՔԻԱ ԳԱՂՏՆԱԲԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱՄԵՐՁ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐԸ ԿԸ ՎԱՃԱՌԷ


 

Թրքական լրատուամիջոցները կ’ահազանգեն, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը գիւղատնտեսական նպատակներով օգտագործուելու համար երեսուն տարիով վարձակալութեան հանած է Հայաստանի, Իրանի, Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գտնուող ռազմական արգիլուած շրջանը։

Մասնաւորաբար թրքական »Եուրթ« պարբերականը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան ենթակայ Գիւղատնտեսական գործարկումներու գլխաւոր տնօրէնութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ տուեալ տարածքը վարձակալող սեփական մարզի բաժինը պիտի կազմէ առնուազն 65 տոկոս, իսկ վերոնշեալ տնօրէնութեանը՝15-25 տոկոս։ Յայտարարութեան համաձայն, դիմումներու համար վերջին ժամկէտ նշանակուած է մինչեւ 6 դեկտեմբեր 2013-ի ժամը 17։00-ը (Թուրքիոյ ժամանակով)։ Տուեալ շրջանը կը գտնուի Իգտիր նահանգի Արալըք գաւառի ենթակայ Տիլովաս (Տիլուջու) շրջանին մէջ։ Ըստ աղբիւրի, սոյն շրջանը երկար տարիներ եղած է յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող հայերու հետաքրքրութեան առարկան, իսկ անցեալին որոշ ամերիկեան ընկերութիւններ յայտնած են, թէ շրջանի՝ գիւղատնտեսական նպատակներով բացուելու պարագային պատրաստ են այդտեղ ներդրումներ կատարելու։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.