Ատրպէյճանի Ռազմական Ծախսերը 2014ին 2.1 Միլիառ Տոլարի Պիտի Հասնին
1376
0
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7ին հրատարակուած տեղեկութեանց համաձայն՝ Ատրպէյճանի կառավարութեան 2014 տարուան ամավարկին մէջ, ռազմական ծախսերուն պիտի յատկացուին 2.1 միլիառ տոլար, ինչ որ 2013ի ամավարկին մէջ ռազմական ծախսերուն յատկացուած գումարէն 7.1 տոկոս աւելի է:
Նաեւ, ռազմական ծախսերը ընդհանուր ամավարկին 14.7 տոկոսը կը կազմեն:
Համեմատութեան համար յայտնենք, որ Հայաստանի 2014ի պիւտճէն ընդամէնը 3.1 միլիառ տոլար է: