Վանի Մէջ Հայերու Զանգուածային Գերեզման Կը Յայտնաբերուի
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վանի Կեւաշ գաւառին մէջ (պատմական Ոստան գաւառը) դպրոցի մը շինարարութեան ընթացքին յայտնաբերուած է զանգուածային գերեզմաննոց մը, ուրկէ մարդկային գանկեր եւ ոսկորներ հողի երես դուրս եկած են:
Ըստ թրքական «Հապերէքս» լրատուական կայքին՝ այդ ոսկորներն ու մարդկային գանկերը արդէն մէկ տարիէ ի վեր կը մնան շինարարական այդ վայրին մէջ: Կայքը կը գրէ, թէ այդ տեսարանը հոգեբանական ճնշումի տակ կը դնէ դպրոց յաճախող աշակերտները, եւ անոր հետեւանքով որոշ աշակերտներ նոյնիսկ կը խուսափին դպրոց յաճախելէ: Իսկ գաւառի բնակիչներուն համաձայն՝ ուսուցիչներէն մէկը, տեսնելով այդ ոսկորները՝ հրաժարած է իր պաշտօնէն:
Բնակիչներէն Եըլմազ Թուլայ նշած է, որ ամենայն հաւանականութեամբ, այդ ոսկորները Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուած տեղացի հայերուն ոսկորներն են: Ան ըսած է նաեւ, որ անընդունելի է նման դպրոցի մը մէջ երեխաներ կրթելը:
«Միաստուածային կրօնքի հետեւորդները հաւաքական թաղումներ չեն կատարեր: Հոս զանգուածային կոտորած տեղի ունեցած է: Գանկերէն ակնյայտ է, որ այդ մարդիկ տանջուած են եւ թաղուած իրարու վրայ», ըսած է Թուլայ: