Ազնաւուր Կը Պատրաստուի Թուրքիա Այցելելու


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Մոնթելիմարի միջհամայնքային պալատը Սեպտեմբեր 27էն սկսեալ կը կրէ Շարլ Ազնաւուրի անունը: Այս առիթով, Ազնաւուր յիշեցուցած է, որ իր անունով Հայաստանի մէջ հրապարակ, պուրակ ու չորս մեթրնոց արձան մը կայ:
Անուանակոչութեան միջոցառման ընթացքին, Ազնաւուր հարցազրոյց մը ունեցած է ֆրանսական թերթի մը հետ եւ դարձեալ խօսած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն ու իր հայկական ինքնութեան մասին:
«Համաձայն եմ Թուրքիոյ հետ մերձեցման» խորագիրը գործածուած է Ազնաւուրի հետ ֆրանսական «Լը Տոֆինէ Լիպերէ» թերթին կատարած հարցազրոյցին համար:
«Միշտ իւրայատուկ գաղափարներ ունեցած եմ: Օրինակ՝ առաջարկած եմ քայլեր առնել իսլամացուած հայերը Հայաստան բերելու ուղղութեամբ: Ես ըսած եմ, որ պէտք է ճարել աշխատանք, կացարան: Ասոր վրայ երեք տարի անցած է, բայց ես ոչ մէկ առիթով լսած եմ մէկը, որ անոր մասին խօսի: Ես Թուրքիոյ հետ մերձեցման կողմնակից եմ: Բոլոր հայերը այս հարցին մէջ հետս համաձայն չեն, մինչդեռ շուտով պիտի ամբողջանայ Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցը եւ սահմանները այսօր արդէն կը բացուին», ըսած է Ազնաւուր:
Ազնաւուր աւելցուցած է, թէ կը պատրաստուի Թուրքիա այցելելու, բայց այդ մէկը ոչ մէկ կապ ունի Հայկական Հարցին կամ Եւրոմիութեան անդամակցելու Թուրքիոյ ջանքերուն հետ: «Կ՛ուզեմ երթալ այն երկիրը, ուր ծնած է մայրս», ըսած է Ազնաւուր եւ աւելցուցած, թէ կը հաւնի թուրք ժողովուրդը: «Երբ ես բան մը ըսեմ, խօսքը Անգարայի դէմ է, այլ ոչ թէ թուրք ժողովուրդին»:
Թուրքիա մեկնելու վտանգին հետ կապուած հարցումի մը պատասխանելով՝ Ազնաւուր ըսած է, թէ իր տարիքին, վտանգը այլեւս կարեւոր գործօն մը չէ եւ թէ ինք երբեք վախկոտ չէ եղած:
«Դուք ամենայայտնի հայն էք աշխարհի մէջ», ըսած է լրագրողը, որուն Ազնաւուր պատասխանած է. «1963ին, երբ ես ժամանեցի Հայաստան, զիս դիմաւորեցին «Բարով էք եկել ձեր տունը» պաստառներով: Բայց ես անոնց ցաւցուցի՝ ըսելով, որ իմ երկիրը Ֆրանսան է: Ես հայերէն չեմ գրեր, չեմ կարդար, հայերէն չեմ աղօթեր, չեմ գիտեր Հայաստանի քայլերգը: Ինչո՞ւ ստել: Ճշմարտութիւնը կը ցաւցնէ, բայց ոչ երկար ժամանակ: Ճշմարտութիւնը կը յիշուի միշտ: Սուտն է, որ կը ցաւցնէ»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.