Ցեղասպանութիւնը Արտացոլուած Է Նաեւ Թրքական Իրաւական Հատորներու Մէջ. Ումիթ Քուրթ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական Ցեղասպանութիւնը արտացոլուած է թրքական շարք մը իրաւական հատորներու մէջ. այսպէս յայտնած է հայկական լքեալ գոյքերու մասին հատորի համահեղինակ, «Քլարք» համալսարանի դասախօս Ումիթ Քուրթ՝ «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթին հետ հարցազրոյցին ընթացքին:
Հայերու բռնագրաւուած գոյքը կարգաւորող օրէնքներն ու կանոնադրութիւնները յայտնի են «լքեալ գոյքերու մասին օրէնքներ» անունով, որոնք, ըստ թուրք քաղաքագէտին՝ կը կիրառուէին միայն տեղահանուած հայերուն նկատմամբ:
«Այդ իրաւական կարգաւորումներէն ամենայայտնին նախարարներու խորհուրդի 1915 թուականի Մայիս 30ի որոշումն է, որով սահմանուած էին հիմնական սկզբունքները, որոնց համաձայն պէտք է իրականացուէին բոլոր տեղահանութիւններն ու վերաբնակեցումները: Որոշումին մէջ, հայկական ունեցուածքին վերաբերող ամենակարեւոր դրոյթը այն էր, որ տեղահանուածներուն պէտք է տրամադրուէր իրենց գոյքին համարժէք փոխհատուցում», նշած է Քուրթ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ գոյքի բռնագրաւումն ու ոչնչացումը ինչպէ՞ս կրնան օգնել Ցեղասպանութիւնը աւելի լաւ հասկնալու գործին՝ գիտնականը նշած է, որ վերջերս ցեղասպանագէտներու խումբ մը, հաշիւի առնելով տուժող խումբերու ունեցուածքի եւ գոյքի բռնագրաւման եւ ոչնչացման փաստը՝ նոր ձեւով կը սահմանեն «ցեղասպանութիւն» եզրը՝ հիմնուելով Ռաֆայէլ Լեմքինի ներկայացուցած բնագիրի սահմանումին վրայ: Ցեղասպանագէտներու այս խումբը ցեղասպանութեան երեւոյթը կը դիտէ Թուրքիոյ իրաւական համակարգի պրիսմակէն: Ըստ Քուրթի՝ հայկական գոյքի բռնագրաւումը կազմած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեաներու եւ մասնաւորաբար հայերու ներկայութեան վերացման, ինչպէս նաեւ նոր հանրապետութեան իրաւական համակարգի կառուցման անբաժանելի եւ կարեւորագոյն մեքանիզմներէն մէկը: