Ասիրիսքա Յաղթեց` Փաչաճեանի Օգնութեամբ


Շուէտի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ասիրիսքա, իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Փրաքինի: ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կ՛աւելցնէ, որ Ասիրիսքա յաղթեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Լեւոն Փաչաճեանին օգնութեամբ, որովհետեւ կատարեց կարեւոր փոխանցում մը` նշանակուած կոլերէն մէկուն: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ասիրիսքա ապահովելով 34 կէտ բարձրացաւ 8-րդ դիրքին: Read the full article…


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.