ՀՅԴ-ն Հանրութեան Ներկայացուց Արտագաղթի Յաղթահարման Ծրագիրը
Սեպտեմբեր 17-ին, Երեւանի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանի մամլոյ ասուլիսը: Անոնք ներկայացուցին Դաշնակցութեան մշակած` «Մենք ապրելու ենք մեր երկրում» արտագաղթի կանխարգիլման ուղղուած ծրագիրի բովանդակութիւնը եւ ձեռնարկուելիք քայլերը:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ն կը սկսի «Մենք ապրելու ենք մեր երկրում» ծրագիրը, որուն նպատակն է կասեցնել արտագաղթը:
Ըստ Ռուստամեանի, այժմ արտագաղթի այնպիսի կշռոյթներ կ՛արձանագրուին, որ անոր օր առաջ կասեցումը անհրաժեշտ է Հայաստանի ապագային համար: «Այդ մարտահրաւէրները, որոնք այսօր մեր առջեւ կանգնած են, արտագաղթի ամբողջական ծաւալներուն գնահատումը, վերացման գիտակցութիւնը այսօր հրամայական է, անկէ մեկնելով ալ` Դաշնակցութիւնը քանի մը ամիսներէ ի վեր կ՛աշխատի այս ծրագիրին վրայ: Կատարած ենք լուրջ քննարկումներ մասնագիտական տարբեր հարթակներու վրայ, հիմա անհրաժեշտ է նոր հանգրուան անցնիլ», ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան:
Ան նշեց, որ արտագաղթը բարդ հարց է, եւ պէտք է լուծել արտագաղթի պատճառ հանդիսացած խնդիրները: Իսկ քաղաքական համակարգը այնպիսին է, որ թոյլ չի տար, որ արտագաղթին վերաբերող հարցերը մէկ օր առաջ լուծուին, իսկ ասոր պատճառը իշխող կուսակցութեան եւ պետութեան նոյնացումն է, որմէ պէտք է օր առաջ ձերբազատուիլ:
Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ արտագաղթը կը նմանի մարմինի արիւնահոսութեան: «Մենք արիւնահոսութիւն կ՛ունենանք, կարելի չէ թոյլ տալ, որ ատիկա յանգեցնէ արիւնաքամութեան, իսկ մարմինը մեր երկիրն է, մեր պետութիւնը, մեր հայրենիքը», ընդգծեց Ռուստամեան:
Ըստ անոր, սխալ մօտեցում պիտի ըլլայ սպասել մինչեւ իշխանափոխութեան ծրագիրի իրականացումը. անոր համար ալ անհրաժեշտ է առաջնահերթ քայլերու ձեռնարկել: Դաշնակցութիւնը այս ամէնը ամփոփած է 7 կէտերու մէջ եւ ճիշդ ատիկա ալ դեղատոմսն է, որ պիտի լուծէ կուտակուած հարցերը:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ «Մենք ապրելու ենք մեր երկրում» ծրագիրը ազգային ծրագիրի կարգավիճակ պէտք է ստանայ, որ կեանքի կոչուի:
Ան յոյս յայտնեց, որ այս ծրագիրի քննարկումներուն մէջ պիտի ներգրաւուին բոլորը, որպէսզի ատիկա բիւրեղացուի եւ դառնայ ազգային գործունէութեան ծրագիր: Ծրագիրի շրջագիծին մէջ առաջին քննարկումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ընկերաբաններու, ազգագրագէտներու, ազգային հոգեբաններու մասնակցութեամբ, պիտի ներկայացուին առաջարկներ, պիտի լսուին տեսակէտներ: Ծրագիրը կազմուած է 11 հիմնական ուղղութիւններէ, որոնք կ՛ընդգրկեն կեանքի բոլոր մարզերը:
Ա. Մինասեան մանրամասնօրէն ներկայացուց խնդիրները, իրենց կողմէ առաջարկուող լուծումները. Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ տարանջատել առեւտուրը եւ քաղաքականութիւնը, վարել անձի չվարկաբեկուած ըլլալու, անհրաժեշտ ունակութեան եւ փորձառութեան վրայ հիմնուած մարդուժի քաղաքականութիւն: Օրինակ` պաշտօնատար անձը պէտք է գործէ թափանցիկ եւ հաշուետու ըլլայ հանրութեան, քաղաքացիական աշխուժ դիրքորոշում ունեցող երիտասարդներուն քաղաքական եւ կառավարման համակարգին մէջ ինքնադրսեւորման լայն կարելիութիւն պէտք է տալ:
Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ նաեւ ստեղծել նոր աշխատատեղեր, արդարացի վարձատրութեան համակարգ, հարկային եւ մաքսային քաղաքականութիւնը դարձնել կանխատեսելի, ներդրումները խրախուսող, վերատեսութեան ենթարկել տուրքի, տուգանքի, պարտադիր այլ վճարումի անուան տակ յօգուտ մասնաւորին դրամ կորզելու գործելաոճը: ՀՅԴ անհրաժեշտ կը նկատէ նաեւ ընկերայինէն անցնիլ արդիւնաբերական գիւղատնտեսութեան, կրթութիւնը դարձնել որակեալ եւ մատչելի, ապակուսակցականացնել կրթական համակարգի ղեկավարումը, ապահովել իւրաքանչիւր քաղաքացիի` նուազագոյնէն ոչ նուազ եկամուտ եւ բնակութեան տարածք ունենալու իրաւունք:
Արծուիկ Մինասեան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ներդնել առողջութեան պարտադիր ապահովագրութեան համակարգ` սկսելով ազատամարտիկներէն եւ անոնց ընտանիքներէն, վերացնել անպատժելիութիւնը, իրականացնել արդարադատութեան հաստատման օրէնսդրական-կիրառական վերափոխումներ, բարձրացնել երկրին ապահովութեան մակարդակը, իրականացնել վերաբնակեցումը, դիմագրաւել հակահայաստանեան քարոզչութիւնը, մասնաւորաբար` քաղաքական իշխանութեան եւ անոր ծրագիրներու քննադատութիւնը պէտք չէ դիտուի իբրեւ երկրի քննադատութիւն, իսկ իշխանութիւններուն եւ անոնց ծրագիրները քննադատողները պէտք չէ ատիկա վերածեն երկրին քննադատութեան: Ծրագիրի նշուած ուղղութիւնները կը ներառեն շուրջ հարիւր յստակ քայլեր:
Ըստ անոր, ծրագիրի գործադրման մէջ պատասխանատուութիւնը պէտք է ստանձնէ իշխանութիւնը, ընելիքներ ունին ընդդիմութիւնը, լրատուամիջոցները, քաղաքացիական հասարակութիւնը, եկեղեցին, սփիւռքը, մտաւորականները, երիտասարդութիւնը:
Արծուիկ Մինասեան շեշտեց, որ ծրագիրը կ՛ենթադրէ համագործակցութիւն, որ երբեք չի նշանակեր վերադարձ համաձայնական կառավարութեան, համագործակցութիւնը կրնայ ըլլալ ընդդիմադիր դաշտին, թէ իշխանական դաշտին մէջ յանուն պետութեան զարգացման, ոչ թէ համաձայնական կառավարութեան: