Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Երեւան Պիտի Այցելէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մահմուտ Մամետկուլիեւ Երեւան պիտի այցելէ. այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «1news.az» լրատուական կայքը, որ տեղեկութիւնը քաղած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլման Ապտուլաեւէն:
«Այցելութեան նպատակը Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստին մասնակցիլն է», աւելցուցած է Ապտուլաեւ:
Նիստը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 12-13ին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.