Հայ Դատը Սուրիոյ Դէմ Յարձակումին Ընդդիմանալու Կոչ Կ՛ընէ Քոնկրեսին


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, հիմունելով սուրիահայութեան եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ քաղաքացիներուն ապահովութեան նկատմամբ ամերիկահայութեան մտահոգութիւններուն վրայ՝ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4ին նամակներ յղեց Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի անդամներուն, կոչ ընելով անոնց, որ ընդդիմանան Սուրիոյ դէմ զինուորական սահմանափակ գործողութեանց դիմելու կառավարութեան ծրագիրին:
«Մինչ մեր երկիրին ընտրեալ պաշտօնատարները կը քննեն սուրիական թիրախներու դէմ ամերիկեան հաւանական յարձակումներու կարելիութիւնները, կ՛ուզենք ամերիկահայութեան ձայնը եւս լսելի դարձնել՝ ըսելով, թէ կ՛ընդդիմանանք որեւէ զինուորական գործողութեան եւ բռնարարքներու սաստկացման առաջնորդող որեւէ քայլի: Նման յարձակումներ շատ հաւանաբար յաւելեալ վնասներ պիտի պատճառեն Սուրիոյ քրիստոնեաներուն, ներառեալ՝ հայութեան», կը գրէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան, քոնկրեսականներուն յղուած նամակին մէջ:
Խաչիկեան նամակին մէջ նաեւ կոչ կ՛ընէ նեցուկ կանգնելու Սուրիոյ տագնապին դիւանագիտական լուծում մը գտնելու ջանքերուն, եւ ցաւ կը յայտնէ, որ հակառակ Սուրիոյ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով ծախսուած հարիւր միլիոնաւոր տոլարներուն, կարելի չէ եղած ամերիկեան յատկանշական օժանդակութիւն մը հասցնել սուրիահայութեան եւ քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութեանց:
Խաչիկեան կ՛աւելցնէ, թէ յատկանշական ամերիկեան օժանդակութիւն չէ տրամադրուած նաեւ Հայաստանի իշխանութեանց, որպէսզի անոնք, իրենց կարգին, աջակցութիւն ցուցաբերեն Հայաստան գաղթած սուրիահայերուն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ այս նպատակով նամակներ յղէ իր քոնկրեսականներուն՝ այցելելով www.anca.org/syria կայքէջը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.