Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Զինուած Ուժերու Միացեալ Մարզումներ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի եւ Ռուսիոյ զինուած ուժերը հայկական «Ալագեազ» լեռնային զօրավարժարանին մէջ 20 Օգոստոսին կատարած են ռազմական փոխգործակցութեան մարտավարական մարզումներ։  Հարաւային ռազմական շրջանի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ հայ-ռուսական միացեալ մարզումները պիտի տեւեն մինչեւ 24 Օգոստոս։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.