Թուրքիա Անհանգստացած Է Ցեղասպանութեան Հարցը ՄԱԿին Ներկայացնելու Գահիրէի Միտումէն


 

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ», «Նիուզ».- Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կտրուկ կերպով սրած են Եգիպտոսի մէջ սկսած արիւնահեղութիւններուն պատճառով, երբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան պահանջած էր «դադրեցնել կոտորածները», որմէ ետք Գահիրէ պահանջած էր Անգարայէն՝ չմիջամտել Եգիպտոսի ներքին գործերուն:
Այս պայմաններուն մէջ, Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուր Կիրակի, Օգոստոս 18ին, «Թուիթըր»ի իր պաշտօնական էջին վրայ գրած է, թէ Եգիպտոս ՄԱԿի մէջ պիտի բարձրացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը: Մանսուր գրած է. «ՄԱԿի մօտ մեր մնայուն ներկայացուցիչը պիտի ստորագրէ միջազգային համաձայնագիր մը, որ կը ճանչնայ հայերու կոտորածները, որոնք գործադրուած են թրքական բանակին կողմէ եւ որոնց զոհ գացած է մէկ միլիոն մարդ»:
«Թուիթըր»ի վրայ շուրջ 80 հազար հետեւորդ ունեցող Մանսուրի այս յայտարարութիւնը 22 ժամուան ընթացքին 365 անգամ վերատարածուած է: Յայտարարութիւնը տարածուած է նաեւ քանի մը արաբալեզու թերթերու կայքերուն միջոցաւ եւ բուռն քննարկումներ յառաջացուցած է «Ֆէյսպուք»ի վրայ:
Մանսուրի այս յայտարարութիւնը բնականաբար անհանգստացուցած է նաեւ Թուրքիան:
Թրքական լրատուամիջոցներ անդրադարձած են այս գրառման՝ օգտագործելով քննադատական տարբեր վերնագիրներ՝ ուղղուած Եգիպտոսի զինուորական ղեկավարութեան եւ Ատլի Մանսուրի հասցէին:
Նշենք, որ Էրտողան Օգոստոս 15ին յայտարարած էր, թէ Եգիպտոսի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը, այդ երկրին մէջ «Իսլամ եղբայրներ»ու համակիրներուն դէմ կատարուած գործողութենէն ետք, խորհրդակցութեանց համար Անգարա կանչուած է: Եգիպտոս, Անգարայի այս քայլին հակադարձելով՝ խորհրդակցութեանց համար տուն կանչած էր Թուրքիոյ մօտ իր դեսպանը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.