15 Գերիներ Վերադարձան Հայաստան` Աղտամի Շրջանի Ականապատման Քարտէսներուն Դիմաց

12 յունիսին 15 գերիներ վերադարձան Հայաստան:

Գերութենէն վերադարձածներն են` «Ստեփանեան Արթուր, Էլիբէկեան Գեղամ, Սեդրակեան Ալեքսան, Գասպարեան Էրիկ, Բաբայեան Սաշա, Անդրէասեան Արտակ, Խաչատրեան Էրիկ, Սերունեան Նարեկ, Պետրոսեան Սասուն, Սարգսեան Վրոյր, Բուդոյեան Արմէն, Օհանեան Բորիս, Աբգարեան Արթուր, Ոսկանեան Դաւիթ, Յունանեան Արգամ:

Հայրենիք վերադարձածներէն 4-ը 27 մայիսին Գեղարքունիքի մարզի սահմանագիծին գերեվարուած 6 զինուորներէն են:

Նշենք, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ շաբաթ, 12 յունիս 2021 վրաց-ազրպէյճանական սահմանին` Վրաստանի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, Պաքուն հայկական կողմին յանձնած է 15 ռազմագերիներ, որոնց դիմաց ստացած է Աղտամի շրջանի ականապատման քարտէսներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.