Մէկ շաբթուան ընթացքին Ատրպէյճանական բանակի 5 զինուորներ սպաննուած են սահմանային բախումներու պատճառով
Հայ-ազրպէյճանական ճակատի առաջնային գիծէն Aysor.am-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, հայկական կողմի ձեռնարկած պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք, նախորդ շաբթուան ընթացքին նուազագոյնը 5 ազրպէյճանցի զինուորներ սպաննուած են:
Նշենք, որ օգոստոսի առաջին տասնօրեակին Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան խախտման պատճառով 4 զինուորներ վիրաւորուեցան: Տակաւին այդ ժամանակ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբերը, արձագանգելով այդ փաստին, յայտարարեց, որ հայկական կողմը այս միջադէպը անպատասխան պիտի չձգէ եւ շեշտակի պատասխան պիտի հասցնէ:
8 օգոստոսին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Սապիրօղլու «Թրենտ» լրատու գործակալութեան տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած էր, որ ազրպէյճանական կողմը եւս կորուստներ եւ վիրաւորներ ունի, սակայն յստակ թիւեր չէր յայտնած: