Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ 11 հայ առևանգուած է


 

 

Բերիոյ թեմի Հայոց առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռեյիսյեան, «Ազատութիւն» ռատիոկայանին յայտնեց, որ հակառակ Առաջնորդարանի կողմէ կատարուող զգուշացումներուն, որ հայ համայնքէն անդամներ Հալէպէն դուրս չգան, սուրիահայերը կը շարունակեն իրենց կեանքը վտանգելով լքել քաղաքը, որուն պատճառով կ՚ենթարկուին ընդդիմադիրներու յարձակումներուն։

 

Ըստ Առաջնորդարանի տուեալներուն, վերջին մէկ ամսուան ընթացքին  Սուրիոյ մէջ 11 հայ առևանգուած է ։ Բոլոր առեւանգուողներն ալ կ՚ուղուէին Երևան, և թուրք-սուրիական սահման չհասած՝ առեւանգուած են եւ տարուած անյայտ ուղղութեամբ։ Առևանգուածներէն երկուքը ազատ արձակուած են փրկագինի շնորհիւ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.