ԹՐՔԱԿԱՆ ՇՐՋԱՓԱԿԻՆ ՄԷՋ ՔՐՏԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆԸ (ՇԱՐ. 2)


Մելքուլանկարա Պհատրաքումար «Սթրաթիճիք Քալչըր» հիմնարկի կայքէջին վրայ զետեղուած իր յօդուածին շարունակութեան մէջ կը գրէ, որ թուրք ականաւոր յօդուածագիր Մուրաթ Եթքին կը գրէ, որ տասենակ հազարաւոր քիւրտ ցուցարարներ Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւ արեւելեան շրջաններուն մէջ տօնեցին Ռոժովայի կամ Արեւմտեան Քիւրտիստանի յեղափոխութիւնը։ Քաղաքական ջերմաստիճանը կը բարձրանայ նաեւ Թուրքիոյ այլ շրջաններուն մէջ, ուր Սուրիոյ նկատմամբ կառավարութեան քաղաքականութեան համատարած քննադատութիւնը մագլցում կ’արձանագրէ։

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ հաստատեց, ապա Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի դրդումով յանկարծ կտրուկ շրջդարձ կատարելով՝ գլխաւորեց Ասատի վարչակարգը փոխելու հետամուտ ուժերը։

Թուրքիոյ կարծիքով՝ սուրիական վարչակարգը «Արաբական գարուն»-ին առջեւ կ’երերար, եւ Անգարա կը սպասէր, որ անիկա շուտով պիտի տապալի, սակայն սուրիական վարչակարգը իր գոյատեւելու ուժը ցոյց տուաւ եւ անոր զինեալ ուժերը յաղթանակներու շարք մը արձանագրելէ ետք, այժմ ռազմական առաիելութիւն ունին։ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ «ապահովական գօտի» մը ստեղծելու նպատակով սուրիական ուժերը շրջանէն դուրս մղելու թրքական գաղտնի գործողութիւնները, փոխան այդ «ապահովական գօտիին» ստեղծած են իշխանութեան բաց մը, որ ներկայիս քրտական «Ժողովրավական միութիւն կուսակցութիւն»-ը կը լեցնէ։

Եթքին հարց կու տայ, որ Անգարայի կողմէ խիստ պատգամներն ու սահմանին վրայ թրքական ուժերու կուտակումը ՔԱԿ-ն ու անոր քոյր կազմակերպութիւնները ձախողած «Արաբական գարուն»-ին տեղ Քրտական գարուն մը ստեղծելու իրենց ծրագիրներէն հրաժարելու պիտի մղէ՞։ Դժուար է «այո» ըսել, որովհետեւ մեծ անակնկալ մը պիտի ըլլայ, եթէ Թուրքիա առանց ՕԹԱՆ-ի համամտութեան Սուրիոյ մէջ ռազմական միջամտութիւն կատարէ։

Քրտական զարթօնքը տեղի կ’ունենայ այնպիսի պահու մը, երբ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները ճնշումի տակ են։ Թուրք մեկնաբաններ նոյնիսկ Քայիտայի առնչակից «Ժապհաթ ալ-Նուսրա» ծայրայեղական խմբաւորման դէմ դնելու եւ զայն տկարացնելու սուրիացի քիւրտերուն ռազմական կարողականութենէն մեկնելով՝ վերջիններուս եւ արեւմտեան ուժերուն միջեւ հասարակաց շահեր կը տեսնեն։

Քրտական հարցին մէջ Ուաշինկթընի աջակցութիւնը Անգարայի համար կենսական եղած է։ Փետրուար 1999-ին, ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտալլա Օճալանի Քենիոյ մէջ թրքական ապահովական մարմիններու անդամներու կողմէ ձերբակալումը կարելի դարձաւ շնորհիւ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց աջակցութեան։ Սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի մինչեւ օրս փախուստ տուած է Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումները մեկնաբանելէ։ Ան Թուրքիոյ զօրակցութեան ոչ իսկ բառ մը ըսաւ եւ «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» կամ քրտական այլ խմբաւորումներու հետ Ուաշինկթընի կապերուն մասին մեկնաբանութիւններ չկատարեց։

Ուաշինկթըն շարք մը հարցերու մէջ տարակարծիք է Անգարայի հետ, գլխաւորաբար Պաղտատը շրջանցելով՝ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի կառավարութեան հետ ուղղակի կապերը ամրապնդելու վերջինիս քայլերուն համար, մինչ Միացեալ Նահանգներ շարունակ Անգարան կը զգուշացնէ Իրաքի միութիւնը ականահարող քայլերէ։

Թուրքիա իր կարգին դժգոհ է, որ Միացեալ Նահանգներ կ’անտեսեն Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ռազմական ուղղակի միջամտութեան իր կոչերը։ Մինչ Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ յարաբերութեանց սառեցումը կը մտահոգէ Ուաշինկթընը, եւ Օպամա Իսրայէլ իր այցելութեան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ միջնորդութիւն կատարեց՝ Անգարա Թել Աւիւի հետ վէճի մէջ ըլլալը «արաբական փողոց»-ին մէջ օգտագործման համար նպատակայարմար կը նկատէ։

Էրտողան Համասի ղեկավարութեան հետ իր յարաբերութիւնները կը գովերգէ, իսկ Միացեալ Նահանգներ այդ յարաբերութիւնները «առարկելի» կը նկատեն։ Ուաշինկթըն վերջերս նաեւ քննադատած է Պոլսոյ մէջ ցուցարարներուն դէմ անհամաչափ ուժի կիրարկումը։

Օպամայի վարչակարգը կը գովէր Թուրքիոյ «չափաւորական» ղեկավարութիւնը եւ 2009-ին Օպամա Պոլիսի մէջ էր, որ Միջին Արեւելքի իսլամներուն բացուելու իր ուղերձը կատարեց։ Միացեալ Նահանգներ Էրտողանը «Արաբական գարուն»-էն ծնունդ առնելիք Միջին Արեւելքին համար իբրեւ բնորդ կը ներկայացնէին. այդ բոլորը ներկայիս պատմութեան անցած է։ Քաղաքական իսլամութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը ներկայիս անորոշութեամբ կը բնորոշուի եւ Ուաշինկթընի մէջ Իսլամ եղբայրներու եւ այդ կազմակերպութեան շրջանային օրակարգին նկատմամբ մտահոգութիւն գոյութիւն ունի։

ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆԸնդհակառակը, Էրտողան կը պնդէ, որ ինք Մուհամատ Մուրսին տակաւին Եգիպտոսի նախագահը կը նկատէ եւ կը մերժէ նոր փոխնախագահ Մուհամատ ալ-Պարատէիի հետ խօսիլ։ Զարմանալի չէ, որ Օպամա Եգիպտոսի հարցով տարածաշրջանի ղեկավարներուն հետ իր խորհրդակցութեանց ընթացքին կ’անտեսէ Էրտողանը։ Մէկ խօսքով՝ կացութեան ամբողջական շրջում մը տեղի ունեցած է, եւ Օպամայի վարչակարգը հրաժարած է Միացեալ Նահանգներու շրջանային ռազմավարութիւնը յառաջ մղելու հարցին մէջ Էրտողանի օգտակարութեան նկատմամբ իր մեծ սպասումներէն։

Իրողապէս նաեւ դժգոհութիւն գոյութիւն ունի Թուրքիոյ իսկական կարողականութեան եւ Էրտողանի չափազանցուած փառամոլութեան անհամատեղելիութեան նկատմամբ։ Փառամոլութիւն մը, որ քրտական հարցը դիմակայելու հարցին մէջ Անգարայի ամէնէն կարեւոր գործընկեր Իրանի հետ հեռաւորութիւն ստեղծած է։ Թուրքիոյ սխալ հաշիւները ահաւոր եղած են։

Կար ժամանակ մը, երբ Թուրքիա եւ Պրազիլ Իրանի հիւլէական թղթածրարի հարցով Միացեալ Նահանգներուն մարտահրաւէր կ’ուղղէին եւ Թեհրանի բարեկամութեան ձեռք կ’երկարէին։ Սակայն Նոյեմբեր 2011-ին Էրտողան շրջդարձ կատարեց եւ արտօնեց Մալաթիոյ մէջ տեղակայումը ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային պաշտպանութեան վահանի համակարգին, որուն բացայայտ նպատակը Իրանի հրթիռային կարողականութեան դիմակայումն էր։ Թուրքիա եւ Իրան Սուրիոյ հարցին մէջ եւս հակադրուած են։ Մինչ այդ, Արեւմուտքը տարածաշրջանին մէջ սիւննի-շիի յարանուանական խզումը քաջալերելով՝ զայն վերածեց Միջին Արեւելքի առանցքային հարցին, իսկ Թուրքիան ու Իրանը ներկայացուց իբրեւ շրջանին տիրելու հարցին մէջ գլխաւոր մրցակիցներ։

Հարցն այն էր, որ Էրտողանի Արեւմուտքին շրջանային քաղաքականութեան ուղղած «ռազմավարական մարտահրաւէրը» պէտք էր չեզոքացուէր։ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացը վերսկսելու համար Քերրի կատարած շրջանային շրջապտոյտէն Անգարայի բացակայութիւնը Էրտողանի ուղղուած յստակ պատգամ մըն էր։

Անշուշտ, Արեւմուտքը Թուրքիան ապակայունացնելու, անոր ծաղկող տնտեսութիւնը խանգարելու կամ հողային ամբողջականութեան մարտահրաւէր ուղղելու եւ ՕԹԱՆ-ի անդամի մը քարտէսը վերագծելու մէջ շահ չունի։

Հարցն այն է, որ Էրտողանի թռիչքները պէտք է մէկ երկու աստիճան վար առնուին, որպէսզի ան հասկնայ շրջանային քաղաքականութեան մէջ անկախ դերակատարութեան մը սահմանները եւ իր կարողութենէն անդին անցնելու հետեւանքները։ Ահա այստեղ է, որ Քրտական գարունը կրնայ օգործի ծառայել։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.