Մարաթուկ լերան Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին պիտի վերանորոգուի
1533
0
Ըստ թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքին` Սասնոյ շրջանին մէջ գտնուող Մարաթուկ լերան Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին պիտի վերանորոգուի:
«Սասունի հայերու միութեան» նախագահ Ազիզ Տաղջըն նոյն կայքէջին յայտնած է, որ իրենք եկեղեցին վերականգնելու համար Թուրքիոյ մշակոյթի և զբօսաշրջութեան նախարարութենէն թոյլտուություն ստացած են:
«Թոյլտուութիւնը ստանալէ ետք, առանց ժամանակ կորսնցնելու սկսանք վերանորոգման աշխատանքները: Նախ պէտք է վերանորգել դէպի եկեղեցի տանող ճանապարհը: Երբ եկեղեցին վերանորոգուի, վստահ ենք, որ աշխարհի 4 ծայրերէն զբօսաշրջիկներ պիտի ունենանք»,- ըսած է Տաղջըն:
Նշենք, որ Մարաթուկ լերան գագաթին (2973 մեթր) գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ տանիքի և մուտքի մէկ հատուածը 2012-ին քանդուած էր անյայտ չարագործներու կողմէ: