Սուրիոյ մէջ սպաննուած են 30-է աւելի ատրպէյճանցի զինեալներ


 

 

Օգոստոսի 1-ին յայտնի դարձաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հակառակորդ ուժերու շարքերուն մէջ կռուող ատրպէյճանցի զինեալներու թիւը։
Ըստ աստրպէյճանական եւ Սուրիոյ ըննդիմադիրներու շարք մը կայքէջերու տեղեկութեանց, Սուրիոյ մէջ ներկայիս կը գործեն 60 ատրպէյճանցի զինեալներ։ Կռիւներու ընթացքին սպաննուած ատրպէյճանցի զինեալներու թիւն է 30։

Ատրպէյճանցի զինեալները Սուրիա եկած են Ատրպէյճանէն, Աֆղանիստանէն (թալիպան ազերիներ), Ռուսաստանէն (Հիւսիսային Կովկաս) և այլ երկրիներէ։

ատրպէյճանցի զինեալներու մեծ մասը «Ժէյշ ալ-Մուհաճիրին Ուալ-Անսար» խմբաւորման անդամներ են, որուն առաջնորդը հաւանաբար ատրպէյճանցի Ապու Եահիա Ալ Ազերին է։

Սուրիականն հակամարտութեան վերլուծաբան Արիֆ Եունէսը Յուլիս 11-ին իր մէկ յօդուածին մէջ յայտարարած էր, որ Սուրիոյ, Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի մէջ կը կռուին 300-է աւելի ատրպէյճանցի զինեալներ, որոնցմէ 100-ը՝ Սուրիոյ մէջ։

Նկարին կեդրոնը Ապու Եահիա Ալ Ազերին է, շրջապատուած ազերի զինեալներով։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.