Մուշի Հայկական Տուներու 80%-ը Քանդելէն Ետք Աշխատանքները Դադարեցուած են
Մուշ քաղաքի մէջ ժամանակին հայերու բնակութիւնը ապացուցող վերջին փաստը` Քալէ թաղամասը, 2012-ի Հոկտեմբեր 21-էն ներգրաւուած է քաղաքի վերակառուցման ծրագրի մէջ: Այստեղ կը նախատեսուի 500 տուներու փոխարէն 770 շէնք կառուցել: Այս մասին կը տեղեկացնէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով Radikal-ը։
Աղբիւրի համաձայն շինութիւններու 80%-ը քանդելէն ետք քանդման աշխատանքները դադարեցնելու որոշում կայացուած է:
Անատոլիայի հայկական ժառանգութեան հարցերով աշխատանքներ կատարած Կարօ Փայլան անդրադարձած է նախապէս «Մուշեղի բերդ» անուանումով յայտնի հայկական թաղամասի հարցին:
Ան նշած է, որ այս տարածքի մէջ առնուազն երկու թաղամաս պէտք է պետական պաշտպանութեան տակ վերցուի:
Ան յատնած է նաեւ, որ առայսօր քանդումը եղած է անօրինական, քանի որ որոշումը բողոքարկելու համար նոյնիսկ ժամանակ չէ տրամադրուած: Փայլանի խօսքերով` գանձ որոնողներն ալ իրենց հերթին վնասած են շինութիւնները՝ փորելով անոնց հիմքերը:
«Մուշի մէջ 299 եկեղեցի, 94 մենաստան, 53 ուխտատեղի, 135 դպրոց եղած է` 5 669 աշակերտով: Մնացած երեք փողոցները պէտք չէ քանդուին: Անատոլիայի հայկական ժառանգութիւնը մեծ արագութեամբ կ’ոչնչանայ: Եթէ այդ մէկը Սթամպուլի մէջ ըլլար, ապա 200 տարուան հնութեամբ շէնքերուն անգամ մէկ քամ չէին զարներ»,- ըսած է Փայլան:
Փայլանի խօսքով իրենք այցելած են Մուշի Սուրբ Կարապետ վանք, որմէ միայն մի քանի պատ մնացած է, այն ալ կ’օգտագործուի իբրեւ ախոռ: Իսկ գիւղի երեխաները վրան խաչ պատկերուած 1500 ամեայ քարերը կը վաճառեն: «Այն ամէնը ինչ հայերէն մնացած է, անձայն կ’ոչնչացուի»,- ըսած է Փայլան: