Հայ Դատը Կը Նախապատրաստէ Շատ Սպասուած Եւրոպահայութեան Երրորդ Համագումարը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 26 Յուլիսին «Ուրբաթ» մամլոյ ակումբին մէջ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի ղեկավար Գասպար Կարապետեանը յայտնած է, որ 14 եւ 15 Հոկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպահայերու 3րդ համագումարը, որուն մասնակիցները պիտի ըլլան  Հայաստանէն, Արցախէն, ինչպէս նաեւ եւրոպական տարբեր երկիրներէ: Համագումարը իր ներկայութեամբ պիտի պատուէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ը:
Կարապետեանի համաձայն, համագումարին առաջին օրը ներկայ պիտի ըլլան միայն հայերը եւ օրակարգի վրայ պիտի ըլլայ 2015ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին պատրաստուելու խնդիրները: «Մենք պէտք է իրարու հետ համագործակցինք եւ հասնինք այնպիսի հանգրուանի, որ մեր պահանջները աւելի լսելի դառնան  Թուրքիոյ եւ միջազգային հանրութեան համար եւ մեր խօսքը աւելի լսելի ու զօրաւոր դարձնենք Թուրքիոյ համար: Համագումարի երկրորդ օրուան նիստը տեղի պիտի ունենայ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, հիմնական երկու օրակարգով՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն եւ միջազգային օրէնք» եւ «Նոր մարտահրաւէրներ Հարաւային Կովկասի մէջ»:
Ան նաեւ խօսած է եւրոպահայերու գործունէութեան հիմնական թիրախներուն մասին:
«Հիմնական խնդիրը, զոր մենք պէտք է լուծենք, Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումն է: Մենք չենք քննարկեր Ցեղասպանութեան հարցը, ատիկա իրողութիւն է, ատիկա  Եւրախորհրդարանը ճանչցած է 1987ին, եւ Եւրամիութեան երկիրներուն կէսը: Այնպէս որ մեր հիմնական հարցը Ցեղասպանութեան հատուցման հարցն է, որ Թուրքիան պէտք է ընդունի եւ անցնի հատուցումներու: Կարեւոր է նաեւ, որ միջազգային հանրութիւնը հասկնայ, որ մեր ուզածը միայն Թուրքիոյ կողմէ ներողութիւնը չէ», յայտնած է Գասպար Կարապետեան:
Ան  դիտել տուած է, որ անհրաժեշտ է համագործակցութեան եւ միասնականութեան շնորհիւ այդ հարցին մէջ պահանջները աւելի լսելի դարձնել: Ան կարեւոր նկատած է Եւրոպայի հայկական գաղութներուն կարելիութիւններուն օգտագործումը՝ առաւել լաւ ճանաչման եւ միաւորման ուղղութեամբ ջանքերու իրականացման իմաստով:
Կարապետեանի  համաձայն, երկրորդ հարցը, որով կը զբաղի յանձնախումբը Եւրոպայի մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչումն է եւ Արցախի հայութեան անվտանգութեան ապահովումը: «Երրորդ գլխաւոր հարցերէն մէկը ջաւախքահայութեան իրաւունքներն են, յատկապէս կապուած լեզուին: Վրացական պետութենէն մեր հիմնական պահանջը այն է, որ æաւախքի մէջ հայերէն լեզուն դառնայ երկրորդ լեզու: Եւրոպայի մէջ նոյնպէս ունինք լեզուի խնդիր՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕն արեւմտահայերէնը դասած է  անհետացող լեզուներու շարքին: Մենք այժմ խորհրդակցութիւններ կը կատարենք Եւրամիութեան հետ՝ պարզելու, թէ ինչով կրնան անոնք օժանդակել, որպէսզի արեւմտահայերէնը պահպանուի Եւրոպայի մէջ»:
Կարապետեան ցաւով նշած է, որ հայկական գաղութները  կը համալրուին Հայաստանէն արտագաղթածներուն հաշուոյն, սակայն միեւնոյն ժամանակ կարեւոր նկատեց հայերուն աշխոյժութիւնը:
Խօսելով Եւրամիութեան հետ Հայաստանի Ընկերակցութեան համաձայնագիրի կարեւոր արդիւնքներուն եւ ազդեցութիւններուն մասին՝ ժողովուրդի եւ պետութեան համար, Կարապետեան նշած է, որ այդ փաստաթուղթով Եւրամիութիւնը բաց պիտի ըլլայ Հայաստանի համար՝ տնտեսական առումով: Կարապետեան նաեւ նշած է, որ եւրոպացիներուն համար եւս Հայաստանը կարեւոր է: Ան նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ կողմէ հայ-թրքական սահմանը բանալու անհրաժեշտութեան մասին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.