Հինգ Հայ Տղամարդ Առեւանգուած Է Թուրքիոյ Սահմանին Մօտ


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Ուրբաթ, 26 Յուլիսին, Հալէպէն Երեւան մեկնող հանրակառքի ուղեւորներէն հինգ հայ տղամարդ առեւանգուած է: Դէպքը տեղի ունեցած է Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մօտիկ, սուրիական տարածքին վրայ:
«Երկիրն Այսօր»ի թղթակիցը Հալէպէն յայտնած է, որ ուղեւորներուն մէջ եղած են նաեւ կիներ, որոնք ազատ թողնուած են: Առեւանգեալներուն գտնուած վայրը անյայտ է:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.