Pink Floyd խումբի հիմնադիրներէն՝ Ուոթըրսի համերգը կը նուիրուի Հ. Տինքի յիշատակին


 

 

Թրքական մամուլը կը հաղորդէ թէ Օգոստոս 4ին, Պոլսոյ մէջ պիտի կայանայ Pink Floyd հռչակաւոր ռոք խումբի երաժիշտ-հիմնադիրներէն Ռոճըր Ուոթըրսի համերգը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ 2007ին սպաննուած Հրանդ Տինքի յիշատակին:

Ըստ տեղեկութիւններու՝ Պոլսոյ տեքնիքական համալսարանի մարզդաշտէն ներս կայանալիք համերգի բեմին վրայ՝ 120 մեթր երկարութեամբ հսկայ պատի մը վրայ փակցուած պիտի ըլլայ Հրանդ Տինքի նկարը: 

Ռոճըր Ուոթըրսի եւրոպական շրջագայութեան մաս կազմող այս համերգին պիտի ներկայացուին Pink Floyd խումբի տասնմէկերորդ՝ The Wall ալպոմի երգերը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.