ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒՐՈՒԱԿԱՆՆԵՐԸ


 

 

Հիու Փոփ իր կայքէջին վրայ կը ներկայացնէ ֆրանսական »Լը Ֆիկարօ« եւ «Լը Մոնտ» օրաթերթերու լրագրողներ Լոր Մարշանի եւ Կիյոմ Փերիէի «Թուրքիոյ հայկական ուրուականները՝ ցեղասպանութեան հետքերով» խորագիրը կրող գիրքը, որ լոյս տեսած է մարտ 2013-ին եւ կը նախատեսուի, որ անոր թրքերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսնէ յունուար 2014-ին։ Ան կը նշէ, որ այս գիրքը նաեւ անգլերէնի թարգմանուելու արժանի է։

Փոփ կը գրէ, որ գիրքին հեղինակները ցոյց կու տան, թէ հայկական որքան երեւոյթներ արդի Թուրքիոյ փոխանցուած են։ Ապա այդ մէկը կ՚օգտագործեն նշելու համար, թէ 1923-ին հաստատուած թրքական հանրապետութիւնը հայերուն դէմ կատարուածին բարոյական պատասխանատուութիւնը կը կրէ։ Գիրքին հեղինակները կը յայտնեն, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան երկարատեւ ժխտումը իսկութեան մէջ շարունակութիւնն է 1823-էն 1923 ժամանակաշրջանին ընթացքին հայոց ջարդերուն եւ կալուածներու գրաւման պատասխանատու օսմանեան կառավարութեան գործելաոճին։ Օրինակի համար, Հրանդ Տինքի սպանութեան շուրջ դատական հետաքննութեան «խեղկատակութիւնը» գիրքի հեղինակներուն համար փաստ է, թէ Թուրքիոյ մէջ «1915-էն ի վեր անպատժելիութիւնը տիրական է»։

Կարգ մը թուրքեր, շնորհիւ Թուրքիոյ մէջ հայկական հարցին նկատմամբ վերջին տասնամեակի ընթացքին լայնախոհութեան նորելուկ երեւոյթին, կը գիտակցին, թէ ժխտողական պաշտօնական վարկածին հաւատալով խաբուած են։ Հեղինակները հարց կու տան, թէ քանի մարդ գիտէ, թէ Պոլսոյ ամէնէն սիրուած օսմանեան կոթողները հայ ճարտարապետներու կողմէ կառուցուած են, կամ քանի՞ն գիտեն, թէ Թուրքիոյ ազատագրութեան պատերազմի հռչակաւոր Էրզրումի ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ օրին նոր գրաւուած հայկական դպրոցի մը մէջ, եւ քանիներ լսած են, ինչպէս Մարշան եւ Փերիէ կը պնդեն, թէ Թուրքիոյ հանրապետութեան Չանքայա նախագահական պալատը հայ ընտանիքէ մը բռնագրաւուած կալուած մըն է։

Մարշան եւ Փերիէ չեն խնայեր նաեւ Թուրքիոյ քիւրտերուն՝ յայտնելով, որ անոնք ոչ միայն պէտք է ընդունին, թէ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն էր, այլ նաեւ այդ իրադարձութեան մէջ իրենց դերակատարութիւնը ճանչնան։

Հեղինակները կը մատնանշեն, որ Թուրքիոյ այսօրուան մեծ ընկերութիւնները սկիզբ առած են այն վայրերուն մէջ ուրկէ հայկական գործառնութիւնները բռնի ուժով դուրս մղուած են։ Պատասխանատուութեան շարունակութեան հեղինակներուն թեզին համար կենսական մէկ կէտն ալ այն է, որ կալուածներու գրաւումը հանրապետութեան ժամանակաշրջանին եւս շարունակուեցաւ ։

Մարշան եւ Փերիէ կ՚անտեսեն Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութեանց բնականոնացման արձանագրութիւններուն մէջ նշուած պատմութեան ուսումնասիրութեան յանձնախումբի կազմութեան կարիքը, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը »իրողութիւն մըն է, որուն շուրջ գիտական շրջանակներուն մէջ վէճ գրեթէ գոյութիւն չունի«։

Մարշան եւ Փերիէ իրենց գիրքի սկիզբէն իսկ ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնեն, թէ իրենց նպատակը պատմագրութիւն չէ, այլ ի յայտ բերելը այն ինչ ջնջուած է, ինչպէս նաեւ թրքական ժխտողականութեան թոյնին դարման գտնելը, որովհետեւ, կը գրեն անոնք, անպատժելիութիւնը գործուած յանցագործութեան կրկնելու հրաւէր մըն է։

«Թուրքիոյ հայկական ուրուականները» վերջ կը գտնէ անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ հայոց պատմութեան նկատմամբ մօտեցումի փոփոխութեան՝ ժխտողականութեան անընդունելի եւ անարդարանալի քաղաքականութեան ու մշակոյթին վերջ տալու 2000-2005-էն ի վեր թուրք ակադամեկաններուն ցուցաբերած վճռակամութեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.