ՀՅԴ-նԿը Պահանջէ Կասեցնել Երթուղայինի Սակագիներու բարձրացման Որոշումը


 

 

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը դատապարտէ հանրային երթուղայինի սակագիները չհիմնաւորուած, 50 տոկոսով բարձրացնելու` իշխանութիւններու որոշումը: Այդ քայլը քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ իրաւական տեսանկիւնէն անընդունելի է:

Իշխանութիւնները նախընտրական շրջանին կը վստահեցնէին, թէ գիներու կտրուկ բարձրացում տեղի պիտի չունենայ, կը խոստանային իրական կենսամակարդակի աճ:

Սակայն հետընտրական փուլին կազի, ելեկտրականութեան, այլ հիմնական ապրանքատեսակներու ու ծառայութիւններու գիներու աճին յաջորդեց հանրային երթուղայինի սակագիներու բարձրացումը: Անոնք կրկին անգամ մոլորեցուցած են հանրութիւնը` յառաջացնելով անապահովութեան, անպաշտպան ըլլալու զգացողութիւն, ապագայի հանդէպ անվստահութիւն:

Անտրամաբանական է պաշտօնատար անձանց բացատրութիւնը, թէ կազի եւ ելեկտրականութեան սակագիներու աճը կապ չունի հանրային երթուղայինի գինի բրձրացման  հետ: Եթէ այդ պնդումը ճիշտ է, ուրեմն իշխանութիւնը կը վարէ խումբ մը մարդոց շահերը հանրութեան շահերէն գերադասելու քաղաքականութիւն: Եթէ պնդումը ճիշտ չէ, ապա իշխանութիւնը եւս մէկ անգամ կը խաբէր հանրութիւնն ու մասնագիտական շրջանակները` նշելով, որ կազի եւ ելեկտրականութեան գիներու բարձրացումը երկրի մէջ պիտի բերէ ընդամէնը մինչեւ 2.7 տոկոս գնաճի: Երկու պարագային ալ քաղաքական իշխանութիւնը կը գործէ ի վնաս հասարակութեան:

Սոցիալական եւ տնտեսական տեսանկիւնէն քաղաքական իշխանութեան քայլը կը հակասէ միջազգային փորձի տարրական կանոններուն, երբ գնային քաղաքականութեան լաւագոյն գործիք է մրցակցութիւնը: Մինչդեռ հանրային փոխադրամիջոցներու, օրինակ` երթուղային թաքսիներու ոլորտէն ներս, ձեւաւորուած է քաղաքական եւ տնտեսական ոլորտները զուգակցող` ազդեցիկ անձանց մենաշնորհ: Բացի այդ, միջազգային փորձը կը վկայէ, որ գիներու մակարդակի առարկայական բարձրացման կը նախորդէ կամ անմիջապէս կը յաջորդէ հանրութեան եկամուտներու աւելի բարձր աճը: Հայաստանի մէջ այդպիսի բան տեղի չէ ունեցած: Միջազգային լաւագոյն փորձի օրինակ է նաեւ բազմասակագնային ծրագիրներու, զեղչային համակարգերու, փոխադրամիջոցներու երթեւեկութեան քորփորաթիւ փաթեթներու, միասնական փոխադրական փաստաթուղթերու եւ այլ միջոցներու գործադրումը, որ կ’առողջացնէ հանրային փոխադրամիջոցի ֆինանսական համակարգը, կը մեծցնէ հանրային վերահսկողութիւնը, կ’աւելցնէ ուղեւորահոսքը, կը յանգեցնէ ուղեվարձերու նուազեցման ու մատչելիութեան:

Առ այդ` ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը

ա. կը դատապարտէ Հայաստանի իշխանութիւններու նման անհեռատես քաղաքականութիւնը,

բ. կը պահանջէ կասեցնել հանրային փոխադրամիջոցի սակագիներու բարձրացման որոշումը եւ որեւէ բարձրացում իրականացնել սակագինի ձեւաւորման թափանցիկ գործելաձեւով, բնակչութեան եկամուտներու աճին համապատասխան,

գ. կ’առաջարկէ ստեղծել հանրային-մասնագիտական խումբ` մշակելու եւ ներդնելու  բազմասակագնային ծրագիրներու, զեղչերու, քաղաքային փոխադրամիջոցներու երթեւեկութեան քորփորաթիւ փաթեթներու իրաւական-միասնական համակարգ,

դ. կ’ողջուն եւ իր աջակցութիւնը կը յայտնէ այն քաղաքացիական խումբերուն եւ երիտասարդներուն, ովքեր կ’ընդվզին այս խայտառակ որոշման դէմ եւ գործուն կեցուածքով կը պաշտպանեն իրենց եւ հանրութեան իրաւունքները:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.