Youtube-ի վրայ կը սփռուին Սուրիոյ մէջ կռուող ազերի ահաբեկիչներու տեսանիւթերը


Moderator.az ատրպէյճանական կայքէջի հաղորդումով, Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիրներու կողքին կռուող ատրպէյճանցի իսլամ ծայրայեղականները սկսած են համացանցի վրայ սփռել իրենց տեսանիւթերը։ Ըստ նոյն լրատուութեան, ատրպէյճանցի զինեալները մէկ տեսանիւթին մէջ կը յայտարարեն, «Սուրիացի մեր ցեղակիցներն ու արենակիցները մեզի ճիհատի կանչեցին, որպէսզի կռուինք ասատական ռէժիմին դէմ»։

Նոյն կայքգջը կը յայտնէ, թէ Սուրիոյ մէջ կառավարական զօրքերու կողմէ վերջերս սպանուած է ատրպէյճանցի զինեալ Էնվար Զէյնալովը, որ Թարթառի ծնունդ է (ԼՂՀ-ի Մարտակերտի շրջանի անմիջական սահմանամերձ քաղաք)։  Զէյնալովի մարմինը կարելի չէ եղած ատրպէյճան փոխադրել։ Նոյն աղբիւրը կը յայտնէ, թէ անցնող օրերուն սուգի հաւաք մը կազմակերպած են Զէյնալովի հարազատները, որուն ներկայ գտնուած են սիւննի իսլամութեան ուահապական ծայրայեղ ուսմունքի հետեւորդ ատրպէյճանցիներ։  

Նկարը՝ Սուրիոյ մէջ կռուող ատրպէյճանցի ահաբեկիչ զինեալներու խումբ։ Youtube-ի վրայ կարելի է դիտել նոյն խումբի տեսանիւթը հետեւեալ կապով

http://www.youtube.com/watch?v=QN-g7-4iOyI


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.