ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Վանաձորի ճամբարը կը թեւակոխէ իր առաջին շաբաթը


 

 

Յուլիս 18-19-ին, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) Վանաձոր քաղաքին մէջ ամառնային ճամբարի մասնակից 210 երեխաները հետեւեցան ԳԵՄ-ի անդամ գանատահայ 15 վարիչներու պատրաստած օրակարգային ծրագիրներուն։ Անցնող երկու օրերու ընթացքին, ճամբարայինները այցելեցին Սանահին-Հաղբատ, Վանաձորի թանգարան, սորվեցան «Գինի լից» եւ «Ելէք հայեր» երգերը եւ զբաղեցան ձեռային աշխատանքներով։ Ճամբարայինները հանդիպում-զրոյց ունեցան ՀՀ Ազգային ժողովի անկախ պատգամաւոր իրաւապաշտպան Էտմոն Մարութեանի հետ։

Նշենք, որ 2012-ին, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի 7 վարիչ անդամներ, կազմակերպած էին ամառնային ճամբար մը Վանաձոր քաղաքին մէջ, որու ընթացքին, 8-14 տարեկան հարիւր երեխաներ անվճար յաճախեցին ճամբար։ 2012-ի ծրագիրը կ՚ընդգրկէր խաղեր, ձեռային աշխատանքներ, պատմութեան դասաւանդում, երգեցողութիւն եւ անգլերէնի դասեր։

 

 

ՀՅԴ Գանատայի ԵրիտասարդակաՆ Միութեան Վանաձորի ճամբարի այս տարուան վարիչներն են Մոնթրէալէն՝ Վանա Ֆուտուլեան, Միրնա Ֆուտուլեան, Նաթալի Պիւրգիւլեան, Վահէ Շահինեան, Լաւալէն՝ Յովսէփ Տատաղլեան, Թորոնթոյէն՝ Տարօն Քէսքինեան, Գարան Պետրոսեան, Աննա Պետրոսեան, Լոռի Մելիտոնեան, Կարին Խանամիրեան, Նայիրի Շարապխանեան, Գէմպրիճէն՝ Լեւոն Սարմազեան, Սարին Սարմազեան, Դալար Փօլատեան եւ Լոս Անճըլըսէն՝ Լիւսի Տիշոյեան: 

 

 

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.