Սփիւռքահայ Խմբագիրը Արժանացաւ Հայաստանի “Մամլոյ Ակումբի” Մրցանակին


 

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի  գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, Յունիս 18-ին, Երեւանի «Մամլոյ ակումբ»-ի կողմէն արժանացաւ «Տիգրան Նաղդալեան»-ի անուան  մրցանակին, իբրեւ Միջին 
Արեւելքի  դէպքերը   Հայաստանի լրատուամիջոցներուն լաւագոյնս լուսաբանող մամլոյ ներկայացուցիչ:Այսպիսով Շահան Գանտահարեան Սփիւռքահայ մամուլի առաջին ներկայացուցիչն է, որուն մրցանակ կը շնորհէ Երեւանի «Մամլոյ ակումբ»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.