Տերսիմցի հայեր կը վերադառնան իրենց արմատներուն


 

 

 

«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Տերսիմի մասին յաճախ անդրադարձած ենք «Հորիզոն»ի էջերով: Մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբ, Տերսիմի բնակչութեան զգալի մասը հայ էր: Տերսիմի մէջ նախքան թրքացումը, հայկական եղած են նաեւ տեղանունները:

Թրքական յաջորդական կառավարութիւններու օրով, քանդուած եւ գետնին հաւասարեցուած են Տերսիմի հայկական բոլոր եկեղեցիները:

Պատմութեան ընթացքին, Տերսիմի շատ մը գիւղերու մէջ, հայ եւ քիզիլպաշ բնակչութիւնները համերաշխօրէն կ՚ապրէին, մինչեւ իսկ քիզիլպաշ երեխաներ հայկական վարժարան կը յաճախէին եւ հայերէն կը սորվէին: Հայերը լեռնային տերսիմցիներու քիրվաներն (կնքահայր) էին։ Օտար պատմաբաններ կը հաստատեն, որ 17-րդ դարէն սկսեալ, Պինկէօլի, Սեբաստիոյ, Երզնկայի եւ Խարբերդի շրջաններուն մէջ ապրող հայեր, չդիմանալով Օսմանեան թուրքերու ճնշումներուն, կը հաստատուէին Տերսիմ եւ կրօնափոխ դառնալով կ՚ընդունէին ալեւիականութիւնը (իսլամական շիա յարանուանութեան մէկ ճիւղը)։

Ցեղասպանութեան տարիներուն, տերսիմցիները ապաստան տուած են աւելի քան 40 հազար հայերու: Ցեղասպանութեան հանգրուանին, Տերսիմ ապաստանած շատ մը հայեր ալեւի դարձած են՝ իւրացնելով տերսիմցիներու ապրելակերպը:

1938-ին, թրքական ճնշումներուն դէմ ծառացան Տերսիմի ցեղախումբերը՝ Սէյիտ Ռիզայի գլխաւորութեամբ: Ըստ տերսիմցի արդի ժամանակներու մտաւորականներու, 1938-ի յեղափոխութեան տերսիմցիներու կողքին զէնք վերցուցած են դաւանափոխ դարձած հազարաւոր հայեր, իսկ ապստամբութեան տխուր վախճանին յաջորդող քեմալական բանակի ջարդերուն՝ տերսիմցիներու կողքին սպանուած եւ ջարդուած են նաեւ հայեր։

Այսօր, եւրոպացի կարգ մը պատմաբաններու կողմէ ընդունուած է այն տեսութիւնը, որ 1937-38 քեմալական ուժերու կողմէ ջարդուած են 70 հազար տերսիմցիներ եւ հայեր։

Մինչեւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը Տերսիմի տարածքին գործած են 45 հայկական եկեղեցիներ եւ 5 վանքեր: Անցնող երկու տարիներուն շատ մը տերսիմցիներ սկսան վերադառնալ իրենց հայկական արմատներուն: Այսօր Տերսիմի մէջ կը գործէ նաեւ Տերսիմցի հայերու հայրենակցական միութիւնը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք, Իսթանպուլի մեր պաշտօնակից «Ակօս»ի աշխատակից Լուսինէ Քօփարի «Կորած Մարգարիտները» խորագրով յօդուածը, որ կը պատմէ իրենց ազգային արմատներուն վերադարձող կրօնափոխ տերսիմցի հայերու մասին:

Լուսանկարը՝ Տերսիմի հայոց եւ Տերսիմի ալեւի Ղզլպաշ բնակչութեան սրբավայր Հալվորի Սուրբ Կարապետ վանքը, որ կանգուն էր մինչեւ 1936։ Վանքը հիմնովին քանդուած է 1936-ին, քեմալական բանակի հրանօթներու ռումբերով։

 

Կորած Մարգարիտները

«Մարգարիտէ մանեակի մը նման փրթանք մեր դերձանէն ու ցրուեցանք աշխարհի չորս կողմը։ Գլորեցանք այնպիսի տեղեր, որոնց անունն իսկ չէինք լսած։ Մեզմէ ոմանք կոխկրտուեցան ոտքերու տակ, իսկ ոմանք ալ ինկան անծանօթներու ձեռքը։ Առերեսուեցանք մեր անտէրութեան հետ։ Մեր՝ ամէն մէկ մարգարիտի հատիկին հասարակաց գիտակցութիւնը եղաւ այն, որ ցրուեցանք եւ ոչ ոք մէկտեղեց մեզ։ Տէրսիմ…Իմ թաքստոցս է ան։ հետզհետէ իմ աշխարհը, ուրկէ երբեք դուրս գալ պիտի չուզեմ»։

            Նախորդ շաբաթներուն մեզ այցելութեան եկան Տէրսիմի Հայոց Հայրենակցական Միութեան վարչութեան անդամներէն՝ Պիւլէնտ Պոզտաղ, Հիւսէյին Գարաթաշ եւ Սէրքան Սարիթաշ, որոնց կը պատկանին վերի տողերը։ Հաճելի զրոյց մը ունեցանք Տէրսիմի հայոց շուրջ։ Յուսալով որ ընթերցողին համար ալ հաճելի պիտի ըլլայ, այդ զրոյցէն հատուածներ կը փոխանցենք։

 

                                                            ***

            Նախ Հիւսէյին Գարաթաշ խօսեցաւ Տերսիմի հայոց մասին.-

Հայեր միշտ կային Տէրսիմի մէջ

            Տէրսիմի մշակոյթ որ կ՚ըսուի, առաջին հերթին կը յիշուի Ղըզըլպաշ, Զազա, Քրմանճ մշակոյթները։ Մինչդեռ, Տերսիմի մշակոյթի կազմութեան մէջ հայերը միշտ բաժին ունեցած են։ Հայկական մշակոյթը եկուոր գործօն մը չէ այս հողատարածքին վրայ։ Սակայն մարդիկ հազիւ սկսան իրենց ինքնութիւնը ճանչնալու։ Այս վերաճանաչման գործընթացը Սասուն, Սեբաստիա, Երզնկայէն սկսելով պիտի տարածուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Օրինակի համար, Տիյարպէքիր քաղաքի մշակոյթին մէջ քիւրտերը գոյութիւն չունէին։ Անոնք հազիւ ԺԹ. վերջերուն եկան։ Նախապէս քաղաքի բնակիչները հայեր, ասորիներ եւ քաղդէացիներէ կը բաղկանար։

            Մեր կողմերու Ղըզըլպաշները հայկական գերեզմանատուներու կամ աւերուած  եկեղեցիներու փլատակներուն վրայ մոմ կը վառեն, կ՚աղօթեն։ Աղօթատեղիները սրբազան են մեզի համար։ Ղըզըլպաշներն ալ հայերու նման «այլ» են։ Նոյնիսկ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին Ղըզըլպաշները որպէս կարգավիճակ, հայերէն վար կը դասուէին։

            Խոստովանիմ, որ մենք Տերսիմի մէջ կը դժուարանանք այս երկու խմբակը իրարմէ զանազանելու։ Թերեւս ալ բնական է այս երեւոյթը, քանի որ երկուքն ալ այստեղ մարմնաւորուած են։

 

Տէրսիմ-Վարդօ՝ Արեւելքի դիմադրութեան գիծը

            Տէրսիմցիք աւանդապաշտ են, իրենց ապաստանողը ուրիշին չեն յանձներ։ «Պահ» կոչուած այդ աւանդութեան համաձայն՝ ենթական իրենց ապաստանածը չյանձնելու համար եթէ պէտք է, ինք կը զոհուի։ Ալիս գետի ողողած տարածքը Տէրսիմէն դէպի Վարդօ երկարող քիծ մը կը պարզէ։ Այդ գիծը արեւելքի կողն է։ Բիւզանդիոնի, Սելճուքներու կամ Օսմանցիներու ընդդիմացած կող մը, որ բոլոր իշխանութիւնները փորձած են կոտրել։ Դիմադրութիւնը աւանդութիւն մըն է այստեղ։ Բանաստեղծ Վէճիհի Թիմուրօղլու «Տաղ Աքսորեալի» անուն քերթուածին մէջ կը խօսի Ռուբէն Շիշմանեան անուն Երզնկացի հայու մը մասին։ Ռուբէն 1915-ին իր գլխաւորած ապստամբներու խմբակով Տէրսիմ կ՚ապաստանի։ Տէրսիմցիները կը պահեն զիրենք եւ ապա՝ կ՚ուղարկեն Հայաստան։

 

Դժուար է տոհմածառերուն հետեւիլ

            Կայսրութեան շրջանին հայերը կրկնակի հարկատու էին։ 1800-ականներու վերջերուն Տէրսիմի կարգ մը հայեր այդ կրկնակի հարկէն ազատուելու համար կրօնափոխ եղան։ Սակայն հայ ինքնութիւնը գոյատեւեց մինչեւ 1938։ 38-ի կոտորածներէն ետք, երկրի արեւմտեան նահանգներ աքսորուած հայերը իրենց աքսորավայրերու մէջ բռնութեամբ իսլամացան։ Երբ վերացաւ պարտադիր գաղթի օրէնքը, Տէրսիմցի հայերուն արգիլուեցաւ իրենց նախկին գիւղերը հաստատուիլ։ Ստիպուեցան շրջանի այլ քաղաքները եւ գիւղերը բնակիլ։ Այդ իրողութեան մեր օրերուն փոխանցած մեծագոյն դժուարութիւնը կը ներկայանայ Տէրսիմի հայ ընտանիքներու իրենց ընտանեկան տոհմածառը կառուցելուն մէջ։

            1920-ական թուականներուն պետութիւնը ոխ կը պահէ Տէրսիմցիներուն, անոնց բազմաթիւ հայերը պահելուն համար։ Ան դեռ մտադիր է հայկական ցեղասպանութիւնը շարունակելու։ Սակայն Տէրսիմի աշիրէթները ընդմիշտ մերժած են իրենց ապաստանածը թշնամիի յանձնելու անպատուութիւնը։ Այսօր լոկ այս պատճառաւ, այդ աշիրէթներու մէջ յաճախ կը շփոթուի թէ՝ ո՞վ պահողներէն է եւ ո՞վ պահուածներէն։

 

                                                            ***

 

            Խօսքը կ՚առնէ Պիւլէնտ Պոզտաղ ու կը պատմէ Միրաքեան ցեղախումբին մասին.

 

Միրաքեանները Ռազմունակ արուեստագէտ եւ մտաւորական

            Հօրենական կողմէ Քրմանճ ցեղախումբ մը եղող Արէիլի աշիրէթէն եմ։ Մենք գիտենք թէ հայ ենք եւ նախապէս քրիստոնեայ եղած ենք։ Մեր գիւղը 10 բնակարաններէ կը բաղկանայ եւ մօտակայքը եկեղեցի մը կայ։ Մենք այդ տեղի տեղացիներն ենք։

            Մօրենական կողմէ կը պատկանիմ հայոց Միրաքեան աշիրէթին։ Տէրսիմի մէջ միշտ ի պատուի են Միրաքեանները։ Անոնք ծանօթ են որպէս լաւ մարտիկ, արուեստագէտ եւ մտաւորականներ։ Տերսիմցիները 1915-էն առաջ ալ շփում չէին ունենար երկրի այլ շրջաններուն հետ։ Օսմանցին յաճախ կը փորձէր Տէրսիմ արշաւել, բայց ամէն անգամուն կը բախէր Միրաքեաններու դիմադրութեան։ Միրաքեան հայերը միշտ զինեալ էին ու կը վայելէին տեղւոյն Քրմանճ աշիրէթներու յարգանքը։ 1915-էն ետք՝ Միրաքեանները մեծաւ մասամբ գաղթեցին դէպի Չարսանճաք։ Սակայն այս գաղթը խանգարեց անոնց յատկութիւններն ալ։ Վերջապէս Միրաքեանները լեռնցի հայեր էին եւ դաշտի պայմաններուն մէջ դժուարացան իրենց յատկութիւնները պահել։ 1916-17-էն ետք Տէրսիմի աշիրէթներուն դէպի Խարբերդ կատարած արշաւանքներուն ալ կը յիշուին Միրաքեանները։ Մինչեւ Ի, դարու սկիզբները այս տարածքէն անցնող եւրոպացի կամ ամերիկացի քարոզիչներ վկայութիւններ կը բերեն Միրաքեաններու մասին։ Նոյնպէս զօրավար Անդրանիկ ալ դէպի Տերսիմ կատարած շրջագայութեան տպաւորութիւնները գրելու ժամանակ կ՚անդրադառնայ Միրաքեաններուն, որոնց կեդրոնատեղին Նազիմիյէի մերձակայ Տէրովան (Տէր Յովհան) գիւղն ։  Նազիմիյէ որ նախապէս կը կոչուէր՝ Ղըզըլ Քիլիսէ, ունի բազմաթիւ աշիրէթներ։ Միրաքեան ընտանիքներէն ոմանք ժամանակի ընթացքին թափանցած են այդ աշիրէթներուն։ Օրինակի համար, «Պետօկիլլեր» կոչեալ աշիրէթը իրենք զիրենք կը ներկայացնեն Միրաքեաններու ցեղէն եկած ըլլալով։ Ալան աշիրէթի ընտրանին ալ կը յայտնէ թէ իրենք հայեր են։

 

Թէ՛ Ղըզըլպաշ Թէ՛ Քրիստոնեայ

            Մենք Չէ Սերգիս կը կոչուինք։ Սերգիսի տունը կամ սերգիսենք կը նշանակէ այս խօսքը։ Մայրս Չէ Սերգիսի թոռնուհին է։ Ծնած է 1929-ին եւ բուն անունը՝ Պէսէ է։ Իսկ հօրը անունը արձանագրուած է՝ «Մուհթետի Ահմէտ» (կրօնափոխ Ահմէտ)։ Հաքիսի մէջ եկեղեցի մը եւ քանի մը հատ ալ ընդգետնեայ եկեղեցիներ կան։ Մայրս թէ՛ Ղըզըլպաշի եւ թէ քրիստոնէական սովորութիւնով կ՚աղօթէ։ Հաւատացեալ է։ Դեկտեմբեր եւ Յունուար ամիսներուն զուգադիպող «Կաղան» (Կաղանդ) ամսուն շաբաթ մը կամ տասը օր ծոմ կը պահէ։

 

Կը շարունակուի հարուածին ազդեցութիւնը

            1915-ին իմ մեծ պապս եւ ընտանիքի այլ այրերը սպաննելու համար Նազիմիյէ կը տանին։ Մեծ հայրս կը գիտակցի պատահելիքներուն եւ իրենց վրայ հսկող երեք զինուորները կ՚առնէ իր թեւերուն մէջ եւ առիթ կու տայ որ միւսները փախչին։ Սակայն այդ խառնաշփոթին մէջ զինուորներէն մին կը յաջողի մեծ հայրս վիրաւորել ու սպաննել։ Աւելի ետք, 1938-ին մօրս հօրեղբայրն ալ կը սպաննուի։

            20 տարի առաջ, եթէ մօրս «դուն հայ ես» ըսէին, կը սոսկար, իսկ հիմա աւելի հանգիստ կը խօսի իր ինքնութեան մասին։ Շատ տարապած են պետութեան ճնշումէն։ 1915-էն մինչեւ 1938 բազմաթիւ կորուստներ ունեցած են։ Իսկ այս տառապանքը դեռ կը շարունակուի։ Մայրս երկար ատենէ ի վեր հիւանդ է։ Ալզհայմէրէ կը տառապի։ Պապերը սպաննուած են, հայրը թէեւ փրկուած՝ բայց այդ բրտութիւնը իր վրայ ազդած է։ Երբ լսեց որ Տէրսիմի Հայոց Հայրենակցական Միութեան վարչութեան ընտրուեցայ, շատ մտահոգուեցաւ ու ըսաւ. «Դարձեալ պիտի կոտորեն»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.