2012-ին Միացեալ նահանգներ, Թուրքիա, Քաթար եւ Արաբական Էմիրութիւններ գաղտնի համաձայնագրով մը կը ծրագրէին տապալել Ասատի վարչակարգը եւ ստեղծել «Նոր Սուրիա»ն


 

 

Տաուտ Ռամմալ լիբանանեան «ալ-Սաֆիր» օրաթերթի 10 յուլիսի թիւին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ լիբանանցիները առայժմ Քաթարի մէջ իշխանափոխութեան հետեւանքներուն մասին չեն մտածած, թերեւս որովհետեւ Եգիպտոսի իրադարձութիւնները իրենց վրայ կեդրոնացուցած են լուսարձակները կամ լիբանանցիները շատ զգոյշ են քաթարական նոր կացութեան վերաբերեալ գնահատականներ տալու, որովհետեւ այդ փոքր իշխանապետութիւն մէջ շահեր ունին։

Ռամմալ կը գրէ, որ Քաթարի մէջ փոփոխութիւնը գործնական գետնի վրայ տապալումն է Քաթարի նախկին իշխանին հրապարակային ու գաղտնի յանձնառութեանց եւ կնքած համաձայնութիւններուն՝ մասնաւորաբար Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումէն ետք եկող հանգրուանին, շուրջ 10 կէտերէ բաղկացած գաղտնի համաձայնութեան, որ գոյացած էր նոյեմբեր 2012-ին Տոհայի մէջ Սուրիոյ ընդդիմութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին։ Ըստ տեղեկութեանց, համաձայնութիւնը գոյացած էր, Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանիի, անոր թուրք ու էմիրաթցի պաշտօնակիցներ Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիանի, Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռապըրթ Ֆորտի, սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ռիատ Սայֆի եւ Սուրիոյ մէջ Իսլամ եղբայրներու ղեկավար Մուհամատ Ռիատ ալ-Շաքաֆահի միջեւ։

Ստորեւ Ասատի տապալումէն ետք գործադրուելիք քայլերուն շուրջ համաձայնութեան կէտերը.

1- Սուրիական բանակի զինուորներուն թիւը 600 հազարէն 100 հազարի նուազեցնել։

2- Նոր վարչակարգով Սուրիան Կոլանի բարձրունքներուն վերատիրանալու իրաւասու է միայն դիւանագիտական եւ քաղաքական միջոցներով, իսկ ռազմական որեւէ քայլ կը բացառուի։

3- Ուաշինկթընի, Եւրոպական Միութեան եւ Քաթարի հովանաւորութեամբ Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը կը կնքուի։ Ջուրի խողովակաշառ մը Թուրքիոյ Աթաթուրք ամբարտակէն սուրիական հողատարածքի ճամբով կ՚երկարի մինչեւ Իսրայէլ։

4- Ուաշինկթընի հսկողութեամբ եւ օժանդակութեամբ սուրիական նոր վարչակարգը կը ձերբազատուի բոլոր քիմիական ու կենսաբանական զէնքերէն, ինչպէս նաեւ ամէն տեսակի հրթիռներէն։

5- Սուրիական նոր վարչակարգը գրաւոր կերպով կը հաստատէ, թէ կը հրաժարի 1939-ին ֆրանսացիներու կողմէ Թուրքիոյ յանձնուած սուրիական Ալեքսանտրեթի հողատարածքի պահանջէն, իֆչպէս նաեւ Հալէպի ու Իտլիպի մէջ թիւրքմէններով բնակուած կարգ մը սահմանամերձ գիւղաքաղաքներ կը զիջի Թուրքիոյ։ Աւելին, ՔԱԿ-ի բոլոր զինեալները կը վտարուին, փախստականները կը յանձնուին եւ ՔԱԿ սեւ ցանկի վրայ կ՚առնուի։

6- Սուրիական վարչակարգը չեղեալ կը հռչակէ հողի ընդերքի հարստութեանց պեղման եւ զէնքերու գնման ռուսական եւ չինական ընկերութիւններու հետ բոլոր նախկին համաձայնութիւնները։

7- Քաթարի կ՚արտօնուի սուրիական հողատարածքներէն անցնող եւ Թուրքիա եւ այդտեղէն Եւրոպա հասնող բնական կազի խողովակաշար մը կառուցել։

8- Քաթար եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը խոստանան վերակառուցել Սուրիան, պայմանաւ, որ սուրիական հողերուն եւ Միջերկրական ծովուն մէջ բնական կազի եւ քարիւղի պեղման իրաւունքը միայն քաթարական եւ էմիրաթական ընկերութիւններու վերապահուի։

9- Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները կը սահմանափակուին, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ու պաղեստինեան շարժումներու սուրիական զօրակցութիւնը կը դադրեցուի։

10- Սուրիոյ մէջ կը հաստատուի իսլամական ոչ արմատական վարչակարգ մը, որուն ղեկավարները այս համաձայնութեան պայմանները գործադրելու կը սկսին անմիջապէս որ ընդդիմութիւնը իշխանութեան հասնի։

Նշեալ համաձայնութիւնը կնքած կողմերը օրին կը նախատեսէին, որ սուրիական վարչակարգը Ապրիլ եւ Մայիս 2013-ի միջեւ պիտի տապալի։ Հասանելի դարձած տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ գետնի վրայ զարգացումները, որոնք իրենց գագաթնակէտին հասան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Քուսէյր քաղաքի անկումով , Թուրքիոյ մէջ ժողովրդային ցոյցերը, ինչպէս նաեւ ռուսական արդէն իսկ կարծր կեցուածքի մագլցումը՝ ռազմական հաւասարակշռութիւնը շրջեցին։ Աւելին, այն իրողութիւնը, որ Ասատի վարչակազմը նախատեսուած ամիսներուն ընթացքին չտապալեցաւ՝ Տոհայի ծրագիրը ձախողութեան մատնեց։

Քաթարի մէջ իշխանութեան փոփոխութիւնը 2013-ի գարնան վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ, որմէ ետք Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու իշխանութիւնը տապալեցաւ։ Բայցեւայնպէս, կը գրէ Տաուտ, ասիկա չի նշանակէր, որ Սուրիա քաղաքական նոր վարչակազմի մը իշխանութեան տակ քաղաքական փոփոխութենէն պաշտպանուած է, իսկ այդ նոր վարչակազմը պիտի սկսի ուրուագծուիլ 2014-ի սկիզբը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.