ՀԱԿ-Իշխանութիւն Երկխօսութիւնը Կ՛առկախուի

 

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) պատուիրակութիւնը կ՛առկախէ իր մասնակցութիւնը իշխանութեան հետ բանակցութիւններուն: Այս մասին յայտարարեց ՀԱԿ համակարգող Լեւոն Զուրաբեանը, Ուրբաթ, 26 Օգոստոսին հրաւիրուած ասուլիսին: Պարզաբանելով, թէ ինչո՞ւ ՀԱԿի պատուիրակները Ուրբաթ օր չեն հանդիպած իշխանութիւնը ներկայացնող աշխատանքային խումբին հետ՝ Զուրաբեան յայտնեց, որ բանակցութիւնները կրնան վերսկսիլ անմիջապէս, երբ փոխուի ՀԱԿի ձերբակալուած անդամ Տիգրան Առաքելեանի խափանման միջոցը՝ կալանքը:

ՀԱԿ-իշխանութիւն երկխօսութիւնը վարող պատուիրակները երէկ պէտք է եօթներորդ անգամն ըլլալով հանդիպէին: Կոնգրեսի աշխատանքային խումբի անդամ Սամուէլ Աբրահամեան, ներկայանալով հանդիպման վայր՝ յայտարարած էր, որ Կոնգրեսը այդ օրուան հանդիպումը նպատակայարմար չի գտներ:

Հայ Ազգային Կոնգրեսը իշխանութիւններուն ժամանակ տուած է՝ փրկելու երկխօսութեան գործընթացը. այս մասին ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Լեւոն Զուրաբեանը, ընդգծելով, որ ընդդիմութիւնն ու իշխանութիւնը դեռ ժամանակ ունի երկխօսութեան միջոցով հարցերը լուծելու:

Այդ հարցումին, թէ մինչեւ ե՞րբ ՀԱԿը հնարաւոր կը համարէ երկխօսութեան շարունակումը, Լեւոն Զուրաբեան պատասխանեց՝ մէջբերելով Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Օգոստոս 2ի ելոյթէն քանի մը հատուած. «Եթէ առաջիկայ մէկ-երկու ամսում իշխանութիւնները վերջնականապէս չկողմնորոշուեն արտահերթ ընտրութիւններ անցկացնելու հարցում, ապա ողջամիտ կոչուած ժամկէտը Սեպտեմբերին սպառուած կը համարուի, եւ մեր օրակարգում կը մնայ միայն մէկ պահանջ, այն է՝ Սերժ Սարգսեանի եւ իշխող կոալիցիայի հրաժարականը», ըսաւ ՀԱԿի համակարգողը, նշելով, որ Տէր Պետրոսեանի ելոյթը կը համարէ ուղեցոյց:

Անդրադառնալով մինչ օրս գաղտնի պահուող՝ Առաքելեանը ազատ արձակելու գծով իշխանութեանց խոստումները, Զուրաբեան, մէկ այլ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ «խոստումները տրուել են Դաւիթ Յարութիւնեանի կողմից: Նա գրեթէ բառացի ասել է. «Իրաւական գործընթացը ցոյց տուեց, որ երիտասարդների նկատմամբ կիրառւում է ոչ խտրական մօտեցում»»:

Ըստ Զուրաբեանի, Յարութիւնեան նշած էր, որ նոյն՝ ոչ-խտրական մօտեցումը պիտի շարունակուի, իսկ Կոնգրեսը պատասխանած էր, թէ կ՛ակնկալէ, որ Տիգրան Առաքելեանի խափանման միջոցը կը փոխուի: Սակայն, փաստօրէն, յոյսերը չեն արդարացած, եւ Կոնգրեսը որոշած է առկախել երկխօսութիւնը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.