Թուրքիա Խստօրէն Կը Հակադարձէ Հայաստանի Հողային Պահանջի Յայտարարութեան


ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմինիաՆաու».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանի յայտարարութիւնը՝ Թուրքիայէն հողային պահանջներու մասին: Ստորեւ՝ յայտարարութիւնը.
«Մտահոգութեամբ տեղեկացանք, որ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ, Յուլիս 5-6, Երեւանի մէջ կազմակերպուած Հայ իրաւաբաններու համաժողովին ընթացքին ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան խօսած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ եղած սահմանի իրաւականօրէն սահմանուած չըլլալու եւ կորուսեալ հայկական հողերը Հայաստանին վերադարձնելու անհրաժեշտութեան մասին: Գլխաւոր դատախազի կարեւոր պաշտօնը զբաղեցնող պաշտօնեային կողմէ կատարուած այս յայտարարութիւնը՝ կապուած Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն հետ, ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի մէջ կ՛իշխէ խնդրայարոյց մտածողութիւն: ՄԱԿի եւ ԵԱՀԿի անդամ այս պետութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու առջեւ ստանձնած իր պարտաւորութիւններուն հակառակ կը գործէ: Պէտք է գիտենալ, որ ոչ ոք կրնայ համարձակիլ հողային պահանջ ներկայացնել Թուրքիոյ»:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած Իրաւաբաններու համահայկական համաժողովին ընթացքին, Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան, խօսելով տարածքային պահանջներուն մասին՝ ըսած էր. «Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի ժառանգները պէտք է նիւթական փոխհատուցում ստանան, Հայաստանեայց եկեղեցուն պէտք է վերադարձուեն ժամանակակից Թուրքիայի տարածքում հրաշքով կանգուն մնացած եկեղեցիները եւ եկեղեցապատկան հողերը»:
Հայաստանի այս բարձրաստիճան պաշտօնեային կողմէ այս առաջին տարածքային պահանջը Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ փորձագէտներու կողմէ նկատուած է իբրեւ նշան, որ Հայաստանը որոշած է յաւելեալ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ, 2015ին նշուող Հայկական Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի սեմին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.