ՌԱՄԱՏԱՆԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉՏԻՐԷ


 

 

Տմիթրի Մինին »Սթրաթիճիք-Քալչըր« վերլուծական կեդրոնի կայքէջին վրայ 12 յուլիսին զետեղուած իր վերոնշեալ խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ, որ սուրիական ընդդիմութեան մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ փոփոխութիւն մը. Սէուտական Արաբիոյ զօրակցութիւնը վայելող Ահմատ Ասի ալ-Ժապրա ձայներու փոքր տարբերութեամբ մը ընտրուեցաւ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ՝ փոխան Քաթարի զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուին։ Յստակ է, որ Քաթարի նոր իշխանը քիչ առ քիչ կը հեռանայ իր հօր մեծ ծրագիրներէն եւ այսուհետեւ »աշխարհի մէջ ամէնէն ոչ ժողովրդավար« պետութիւնը՝ Սէուտական Արաբիան պիտի ստանձնէ սուրիական »ժողովրդավար« ընդդիմութեան ղեկավարութիւնը։ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունին 8 հազար »կամաւորներ«, որոնք իսկութեան մէջ սէուտական մասնայատուկ ուժերու անդամներ են եւ Սուրիա եկած են սէուտական գաղտնի սպասարկութեան օժանդակութեամբ։

 Մինին կը գրէ, որ ալ-Ժապրա իր ընտրութենէն ետք, կոչ ուղղեց՝ Ռամատանի շրջանին զինադադար հաստատելու, սակայն ընդդիմաիրները իրենք արդէն կը թուին պատրաստակամ չըլլալ այդ մէկը յարգելու, որովհետեւ Ռամատանի սկսելէն ետք, Հոմսի մէջ կառավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանին մէջ ականուած երկու ինքնաշարժեր պայթեցան։ Հոմս Սուրիոյ 3-րդ մեծագոյն քաղաքն է եւ ներկայիս ճակատումի բուն կէտին վերածուած է շնորհիւ վարչակարգի հաւատարիմ ուժերու հրամանատար զօր. ալ-Ֆրէյժի խորամանկ քայլին, որ ընդդիմութիւնն ու անոր արտաքին հովանաւորները անգամ մը եւս շփոթի մատնեց։ Քուսէյրի գրաւումէն ետք, բոլորը հաւատացին, թէ յաջորդ ճակատումը Հալէպի մէջ տեղի պիտի ունենայ եւ ալ-Ֆրէյժ այդ տպաւորութիւնը ամրապնդող քայլերու դիմեց։ Ընդդիմադիրները իրենց ուժերը կեդրոնացուցին Հալէպի մէջ, սակայն Սուրիոյ բանակը անակնկալ կերպով յարձակում գործեց ընդդիմադիրներու ամրոց նկատուող Հոմսի վրայ։ Մինին կ’աւելցնէ, որ Հալէպի ճակատամարտի ծրագիրը չէ ջնջուած, այլ՝ վարչակարգին համար աւելի բարենպաստ պահու մը յետաձգուած է։

 Հոմսի մէջ շարք մը գիւղեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի սահմանին վրայ գտնուող Թելքալխ գիւղի ընդդիմադիր զինեալները զէնքերնին վար դնելով անձնատուր եղան կառավարական ուժերուն եւ խոստացան այսուհետեւ »Հայրենիքին ապահովութիւն վտանգող« գործունէութիւն չունենալ։ Ըստ յօդուածագիրին, այս զարգացումը ընդդիմադիր ուժերուն բարիք չի խոստանար։

 Աւելին, ընդդիմադիր ուժերու միջեւ բախումներ սկսած են տեղի ունենալ։ Մասնաւորաբար մէկ կողմէ Ժապհած Նուսրայի եւ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան(Սուրիոյ նախկին անունը( եւ միւս կողմէ Արեւմուտքին զօրակցութիւնը վայլելող Սուրիական ազատ բանակի միջեւ։ Ժապհաթ Նուսրայի նման իսլամական խմբակները Սուրիական ազատ բանակի ուժերը գիւղերէն եւ գիւղաքաղաքներէն կը վտարեն եւ այդտեղ իսլամական օրէնք կը հաստատեն։ Աւելին, Քայտայի առնչուած ուժեր Հալէպ եւ Իտլիպ նահանգներուն մէջ ներկայիս աժան գին ունեցող հողատարածքներ կը գնեն, որպէսզի հետագային հացահատիկի եւ վառելանիւթի մատակարարման վրայ մենատիրութիւն ունենան։

 Մինին իր յօդուածը կը փակէ հաստատելով, որ պէտք չէ ինքնախաբէութենէ տարուիլ. Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման արգելքը շրջանցելու միջոցներ ունի եւ անոնք ներկայիս կ’օգտագործուին ընդդիմութեան զէնք մատակարարելու համար, ուստի զօր. ալ-Ֆրէյժ տակաւին իր առջեւ շատ գործ ունի կատարելիք։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.