ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ


 

 

Յուլիս 6ին, Պոլսոյ մէջ, «Ցեղապաշտութեան եւ Ազգայնամոլութեան Կեցի՛ր ըսէ» (աւելի ծանօթ՝ DurDe անունով) նախաձեռնութիւնը՝ երկու նիստէ բաղկացած ժողով-վիճարկում մը կազմակերպած է, ճշդելու համար այն ծրագիրը, որ պիտի գործադրուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առթիւ։

Առաջին նիստին բանախօսութիւններ ներկայացուցած են Թանէր Աքչամ, զոր ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը չենք զգար այլեւս, ինչպէս նաեւ Իւմիթ Քուրթ, որ «Օրէնքներուն ոգին» գիրքին հեղինակն է։ Քուրթ խօսած է յատկապէս ուրացման քաղաքականութեան մասին։

Իսկ երկրորդ նիստին, մասնակիցները վիճարկած են 100ամեակին ընդառաջ որդեգրուելիք ծրագրին շուրջ։

 

Ի՞նչպիսի արշաւ նախատեսել

Ըստ հոն յայտնուած կարծիքներու, անոր նպատակը պէտք է ըլլայ օրակարգի նիւթ դարձնել Ցեղասպանութիւնը, եւ պէտք է ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ մը, որ այդ արշաւը բաց ըլլայ բոլորին, եւ ոչ ոք ինքզինք խտրականութեան զոհ զգայ։

 

Ի՞նչպիսի գործունէութիւններ կարելի է ընդգրկել այդ արշաւին մէջ

Կը ծրագրուին այնպիսի միջոցներ, որոնք ուշագրաւ ըլլան, ինչպէս օրինակ՝ տաղաւարներու ստեղծում, ստորագրահաւաքի արշաւներ, ցուցահանդէսներ, հրատարակութիւններ, սեմինարներ, գիտաժողովներ, յատուկ կայքէջի ստեղծում, եւլն.։

 

Ի՞նչպիսի կազմակերպում

Ներկայացուած առաջարկներէն են՝ ընկերային ցանցերու աշխոյժ օգտագործում, կատարուած վատութիւնները ,շօշափելիե դարձնող հնարքներու որոնում (օրինակ, Գերմանիոյ մէջ, Ողջակէզին՝ ո՛վ՝ ո՛ր տունէն տարագրուած է՝ նշուած է, տուեալ տան առջեւի մայթին վրայ զետեղուած ցուցատախտակով մը), կատարուած վատութիւնները պատմող վիպակներով կարճ սակայն ազդու տեսահոլովակներու պատրաստութիւն, կատարուած աշխատանքներու տեղափոխում՝ միջազգային ասպարէզ, փողոցներու հին անուններու վերադարձին ուղղութեամբ աշխատանք. նաեւ պէտք է դիմել այնպիսի միջոցներու, որ հանրութիւնը զգայ հայութեան բացակայութիւնը, պէտք է փորձել հարցը փոխադրել Ազգային Ժողով, խնամք տանիլ՝ արշաւին ամբաստականէն աւելի կրթական ըլլալուն, առօրեայ կեանքի մէջ գործածուող վարկաբեկիչ բառամթերքին շուրջ աշխատանք տանիլ, եւլն., եւլն.: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.