Սովն ու համաճարակը կը սպառնան Սուրիոյ բնակչութեան


 

 

Ըստ ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան տարածած զեկոյցին, Սուրիոյ բնակչութեան պարէնով ապահովման իրավիճակը վատթարացած է վերջին տարուան ընթացքին եւ բախումներու շարունակման պարագային, սովն ու համաճարակը կը սպառնան տարածուիլ երկրին մէջ յառաջիկայ 12 ամիսներուն։

 Ըստ մասնագէտներու` Սուրիոյ 5 միլիոն բնակիչներէն 4 միլիոնը  ի վիճակի չէ իրեն ապահովել պարէնով: Պատճառը արտադրութեան ծաւալներու նուազումն է:

Միւս կողմէ, համաճարակներու բռնկման ու տարածման վտանգ կայ` Կովերու եւ ոչխարներու պատուաստման բացակայութեան պատճառով, իսկ համաճարակները կրնան տարածուիլ նաեւ սահմանակից երկիրներու մէջ, ինչպէս Լիբանան, Յորդանան, Թուրքիա եւ Իրաք:

 ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութիւնը պարեն 2.5 միլիոն քաղաքացիի պարէն տրամադրած է անցնող Յունիսին։

Անցնող օրերուն, ընդիիմադիր ուժերու կողմէ շրջափակուած ըլլալու պատճառով, կառավարական ուժերու հսկողութեան տակ գտնուող Հալէպի կարգ մը շրջաններու մէջ ստեղծուած է պարէնի, յատկապէս հացի տագնապ։ Հալէպի ուտեստեղէնի վաճառատուներուն դարանները պարպուած են, օրերէ ի վեր քաղաքին փուռերուն մեծ մասը չեն բանիր՝ ալիւրի չգոյութեան պատճառով։ Չկայ նաեւ վառելանիւթ եւ կազ։ Վառելանիւթի գիները չափազանց սեղած են։

Յուլիս 9-ին, Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմսի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ կը դիմագրաւէ անել կացութիւն մը, որուն լուծումը կրնայ տասը տարի տեւել:

Տեմսի «Սի.Էն.Էն.»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը կը վերածուի շրջանային տագնապի մը, որ կապ ունի սիւննիներու եւ շիիներու միջեւ ճակատումին հետ, որ կը տարածուի Լիբանան եւ Իրաք: Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը՝ «ամերիկեան միջոցներ տրամադրելով կռիւը դադրեցնելու պարզ հարց մը չէ: Պէտք է հասկնանք, որ պատերազմը սկսելէն առաջ հարկ է ըմբռնել, թէ խաղաղութիւնը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ»:
Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նորընտիր նախագահ Ահմէտ Ժարպա նախատեսեց, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ տրամադրուած արդիական զէնքերը մօտ օրէն զինեալ ընդդիմութեան հասնին: Ան յայտնեց, որ «ընդդիմութիւնը «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովին պիտի չմասնակցի, եթէ իր զինուորական դիրքը ուժեղ չըլլայ» եւ աւելցուց, որ «ներկայ պայմաններուն տակ՝ այդ խորհրդաժողովը անկարելի է»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.