Հունգարիոյ ՍԴ Նախագահը Ներողութիւն Հայցեց Հայ Ժողովուրդէն՝ Սաֆարովի Արտայանձնման Համար


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հունգարիոյ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Փեթեր Փացոլային, Երեւանի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին դիտել տուած է, որ Հունգարիոյ դատարանի որոշումը՝ ատրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի գործով, խիստ չէ եղած: 3-4 Յուլիսին ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ կայացող «Իրաւունքի գերակայութեան եւրոպական չափորոշիչները եւ իշխանութիւններու հայեցողութեան սահմանները ԵԽ անդամ երկրներուն մէջ» համաեւրոպական խորհրդաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող Փացոլային յայտնած է. «Ան գիշերով սպաննած է իր գործընկերը, հետեւաբար, իմ կարծիքով, հունգարական դատարանի որոշումը երբեք խիստ չէր»:
Անոր համաձայն, հարցը այն է, որ վեց կամ եօթը տարուան բանտարկութենէն ետք Հունգարիան Սաֆարովը փոխանցեց Ատրպէյճանին, որպէսզի ան իր բանտարկութիւնը շարունակէ այնտեղ, եւ ոչ թէ որպէսզի ազատ արձակուի եւ հերոս նկատուի։ Ան հաստատած է, որ ասիկա  անակնկալ էր Հունգարիոյ իշխանութիւններուն համար: «Ես Հունգարիոյ  իշխանութիւնները չեմ ներկայացներ, ես տեղեակ չեմ արտայանձնման որոշման նախապատմութենէն», յայտնած է ՍԴ նախագահը: Ան իր եւ Հունգարիոյ կողմէ ներողութիւն հայցած է հայ ժողովուրդէն՝ «այս գործին հետեւանքով յառաջացած հարցին համար»: Ան նաեւ նշած է, որ տեղեակ չէ Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ գործարքի առկայութեան մասին խօսակցութիւններէն:
Ոճրագործ Սաֆարովի հարցով զրոյց ունեցած են նաեւ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանն ու Հունգարիոյ իր պաշտօնակիցը: Սակայն, ինչպէս Յարութիւնեան նշած է լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, «Սահմանադրական դատարանի վիճակն այդ երկրում բաւական կոնֆլիկտային է, եւ ՍԴ նախագահն էլ իշխանութիւնների հետ լուրջ խնդիրներ ունի, ճնշումներ կան՝ ընդհուպ ՍԴ լիազօրութիւնները սեղմելու ուղղութեամբ»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.