Թուրքիոյ բանակը ներկայացուց իր թուաքանակը


Թուրքիոյ բանակային զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարութիւնը Յուլիս 1-ին ներկայացուց թրքական բանակի տարբեր ստորաբաժանումներու ընդհանուր թուաքանակը։

Ըստ հրամանատարութեան փոխանցած տուեալներուն, Թուրքիոյ բանակի ցամաքային, ռազմածովային, ռազմօդային, անվտանգութեան ուժերու եւ ոստիկանութեան ստորաբաժանումներուն մէջ կը ծառայեն 646.218 անձ։

Բանակի զօրավարներու և ծովակալներու թիւը կը կազմէ 346 բանակային, որոնցմէ 312-ը՝ ցամաքային, ռազմօդային և ռազմածովային ուժերուն մէջ, 33-ը՝ ոստիկանութեան եւ 1-ը՝ անվտանգութեան գաղտնի սպասարկութիւններուն մէջ։

Սպաներու ընդհանուր թիւը 38.938 է, որոնցմէ 32.865-ը՝ ցամաքային, ռազմօդային և ռազմածովային ուժերուն մէջ, 5532-ը՝ ոստիկանութեան, 571-ը՝ անվտանգութեան ուժերուն մէջ։

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ Թուրքիոյ բանակային ուժերու արհեստավարժ (professional) զինծառայողները կը կազմեն բանակի ընդհանուր թիւին 35 տոկոսը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.