Համբիկ Սասունեանի ներման դիմումը մերժուեցաւ
Գալիֆորնիոյ բանտարկեալներու ներման դիմումները քննող յանձնաժողովը, Յուլիս 4-ին մերժեց Լոս Անճելըսի Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Քեմալ Արըքանի սպանութեան մեղադրանքով դատապարտուած Համբիկ Սասունեանի ներման դիմումը:
Երեք տարի առաջ նոյնանման դիմում մը յանձնաժողովը նոյնպէս մերժած էր։ Այս տարուան Յունուար 1-ին, Միացեալ Նահանգներու Սէն Լուիս Օպիսպօ բանտին մէջ Համբիկ Սասունեան նշեց ծննդեան իր 50-ամեակը։ Համբիկ Սասունեան ծնած է 1963թ-ին, Պէյրութ։ Պուրճ Համուտ հայկական թաղամասին մէջ հասակ առած 19-ամեայ՝ Համբիկ Սասունեանը 1982-ի Յունուար 28-ին՝ Լոս Անճելըսի Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսին ահաբեկելու մեղադրանքով ձերբակալուած եւ դատապարտուած է ցմահ ազատազրկման։
31 տարի շարունակ Գալիֆորնիոյ նահանգի Սէն Լուիս Օպիսպօ բանտին մէջ ան կը շարունակէ ապրիլ Հայաստանով ու Արցախով, իր ժողովուրդի ուրախութիւններով եւ ցաւերով։ Համբիկ Սասունեան ներման նոր դիմում մը կրնայ գրել երեք տարի ետք։