ՕՊԱՄԱՅԻ ՎԱՐՉԱԿԱԶՄԸ «ՄԱՐՇԸԼ ԾՐԱԳԻՐ» ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ, ՍԱԿԱՅՆ ՈՉ ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ


Ֆրանքլին Լամպ «Քաունթըրփանչ» կայքէջին վրայ վերոնշեալ խորագիրով իր յօդուածին մէջ անդրադառնալով Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ Ութերու ժողովին, կը գրէ, թէ Սպիտակ տունը ներկայիս Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ թաքուն կերպով համաձայնած է, որ Ասատի կառավարութիւնը իշխանութեան վրայ պիտի մնայ մինչեւ յառաջիկայ տարուան նախագահական ընտրութիւնը։

Այդ պատճառով ալ, ըստ Ուաշինկթընի մէջ քոնկրեսի մօտ աղբիւրներու, ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ դիւանագիտական կարգ մը աղբիւրներու, Օպամայի վարչակազմը դարակէն դուրս բերած է իրենց կողմէ իսկ մշակուած 18- ամսեայ «Բ. ծրագիր»-ը, որուն յաջողութեան պարագային Քոնկրեսի մէջ սիոնամէտ նոր պահպանողականներու մօտ այն վստահութիւնը գոյութիւն ունի, որ թէեւ Ծոցի արաբական երկիրներու կողմէ ֆինանսաւորուած ռազմական արշաւի ճամբով սուրիական վարչակարգի փոփոխութիւնը ձախողած է, սակայն Սուրիան տակաւին կարելի է «ծունկի բերել», «մարդասիրական» երեւոյթ ունեցող տնտեսական արշաւի մը ճամբով։

Ըստ Լիբանանի մէջ արեւմտեան կարգ մը դիւանագէտներու Սպիտակ տան եւ Փենթակոնին մէջ Սուրիոյ համար պատրաստուող «մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիր»ին ակնարկելու համար կ՚օգտագործուի «Մարշըլ ծրագիրի համազօր» եզրը։

 

1948-ին որդեգրուած «Մարշըլ ծրագիր»ը Եւրոպային օժանդակելու ամերիկեան ծրագիր մըն էր, որուն ճամբով Միացեալ Նահանգներ պատերազմէն քանդուած եւրոպական տնտեսութեանց վերականգնման համար 13 միլիառ տոլար, ներկայ դրամական արժէքով շուրջ 100 միլիառ տոլար տրամադրեց։ Սակայն Սուրիոյ վերաբերող եւ ներկայիս վերջնականացուող «Մարշըլ ծրագիրի համազօրը»ը 66 տարի առաջ զօր. Ճորճ Մարշըլին պատրաստած ծրագիրէն շատ տարբեր է։ Ատիկա համազօր է 19-րդ դարու տնտեսական գաղութատիրութեան եւ պիտի ծառայէ Սուրիոյ տնտեսութեան վրայ տիրելով այդ երկրին վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու եւ Իսրայէլը պաշտպանելու տարածաշրջանին մէջ բարձրացող ժողովրդային ցոյցերու ալիքէն։

 

Ուաշինկթըն կ՚ուզէ այդ մէկը իրագործել Սուրիոյ վերաշինութեան պայմանագրերու ճամբով, յետ-ասատեան կառավարութեան փոշանցելով 300 միլիառ տոլարի «փոխատուութիւն» մը, որ պիտի երաշխաւորուի սուրիական կալուածամասերով։ Միջազգային դրամական ֆոնտի տնտեսագէտներու գնահատմամբ, Սուրիոյ պետական մարզի արժէքը աւելի քան եռիլիոն տոլար է։ Ըստ ամերիկեան այս ծրագիրին, վարկատուները այդ մարզի սեփականատէր պիտի դառնան, եթէ Սուրիա պարտքը ապահովելու խոստումներու ծրագիրը ընդունի։ Պարտքը գնողները մեծամասնութեամբ ամերիկացիներ պիտի ըլլան եւ անուղղակի կերպով իսրայէլացի գործարարներ, ինչպէս նաեւ Ծոցի շրջանէն մեծահարուստներ։ Մասնաւորաբար Քաթարի իշխանութիւնները այս ծրագիրին վրայ գրաւ կը դնեն, «միջազգային կողմերու» հետ գործակցելով որպէսզի Սուրիան պարտքերով ողողուի, որմէ ետք երկիրը ստիպուած պիտի ըլլայ որ իր պետական մարզը ծախէ փոխան իսկական արժէքին ջնջին գումարի մը։

 

Այս ծրագրին մասին զգուշացնողները կը նշեն, որ սուրիացիները իրենց երկիրը սեփական ուժերով վերակառուցելու կառողութիւնը, աշխատաւորները եւ հում նիւթերը ունին։ Արտաքին օժանդակութիւնը սուրիական կառավարութեան համար ողջունելի պիտի ըլլայ, սակայն ոչ ի գին Սուրիոյ հանրապետութիւնը Արեւմուտքի կողմէ պատրաստուած տնտեսական նոր համակարգի մը յանձնելու։

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.