«ԱՊՈՒՇՆԵՐՈՒ ԸՆԹՐԻՔԸ» 7-րդ ներկայացում
Ուրբաթ 31 Մայիսի երեկոյեան ժամը 8-ին, Սուրբ Յակոբ վարժարանի Բաստրմաճեան սրահին մէջ, Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի Պետրոս Ադամեան թատերախումբը, 7-րդ անգամ ըլլալով հանդէս եկաւ, շուրջ 200 թատերասէրներու ներկայացնելով իր «Ապուշներու ընթրիքը» բեմադրութիւնը։Ձեռնարկը այս անգամ նուիրուած էր Սուրիահայութեան օժանդակութեան ֆոնտին, որուն աւարտին, ներկաները յոտնկայս ծափահարութիւններով բարձր գնահատեցին դերակատարներուն եւ բեմադրիչին տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ անոնց արհեստավարժ կատարումը:
Ձեռնարկի աւարտին, մասնաճիւղիս ատենապետուհին՝ ընկհ. Թամար Փօլատեան, խօսք առաւ եւ «Սանահին»ի վարչութեան անունով իր խորին շնորհակալութիւնը փոխանցեց բոլո’ր դերակատարներուն: Անոնք բոլորն ալ ակնյայտ խանդավառութեամբ տիրապետած էին միաժամանակ ե’ւ իրենց դերին ե՛ւ բեմին, հանդիսատեսին հրամցնելով եզակի եւ արտակարգ կատակերգութիւն մը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ թատերական յանձնախումբին՝ որ բոլոր ներկայացումներուն ընթացքին, նոյն թափով նեցուկ կանգնած էր եւ հոգացած թատերախումբի բոլոր պէտքերը։ Իսկ վերջին շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց բեմադրիչ Վիգէն Թիւֆէնքճեանին՝ յանձնելով անոր յիշատակի նուէր մը։
Ընկերուհին իր խօսքին մէջ, «Ապուշներու ընթրիքը» նմանցուց պտղատու ծառի մը, ըսելով թէ «իր առաջին ներկայացման օրէն մինչեւ օրս, մենք կը շարունակենք օգտուիլ անոր պտուղներէն։ Սկսելով մե՛ր մասնաճիւղէն, ապա Թորոնթոյի Համազգայինի «լաձոր» մասնաճիւղը, Սուրբ Յակոբի աշակերտները՝ իրենց Հայաստանագնացութեան ի նպաստ ելոյթով, Օթթաուայի գաղութը եւ վերջապէս այսօր՝ Սուրիահայութիւնը»։ Ձեռնարկէն գոյացած $3000-ի շահը, ամբողջութեամբ փոխանցուեցաւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան ֆոնտին։