ԱՊԽԱԶԻՈՅ ԵՐԿԱԹՈՒՂԱԳԻԾԸ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԿԱՊ ՄԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ


Անահիտ Կոկորեան, Նինօ Կերծմաւա եւ Տիգրան Յովհաննիսեան Պատերազմի եւ խաղաղութեան տեղեկագրման համար հիմնարկի կայքէջին վրայ 11 յունիսին տեղադրուած իրենց յօդուածին մէջ կը գրեն, որ քիչեր միայն կրնան անհամաձայն ըլլալ այն կարծիքին, թէ Աբխազիայէն անցնող սովետական ժամանակաշրջանի երկաթուղագիծի վերաբացումը Հարաւային Կովկասի պետութիւններուն ու անոնց դրացիներուն շահաբեր պիտի ըլլայ։ Հակառակ այս իրողութեան, նշեալ ռազմավարական ուղիին վերականգնման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացը քիչ է։
Նկատի ունենալով, որ Կովկասեան լեռնաշղթան հսկայական բնական պատուար մըն է, հիւսիս-հարաւ միակ երկաթուղագիծերը դէպի ծով երկարող լեռներուն երկու կողմերուն վրայ կը գտնուին։ Արեւմտեան կողմին վրայ՝ երկաթուղագիծը Ռուսիան Վրաստանին կը կապեր, սակայն հաղորդակցութիւնը խզուեցաւ 1992-1994-ի պատերազմին ընթացքին, երբ Աբխազիա իր անկախութիւնը հռչակեց, պնդում մը, որ Վրաստան կը շարունակէ մերժել։
Գնացքները տակաւին կը շարունակեն Աբխազիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ երթեւեկել։ Մոսկուա լաւ յարաբերութիւններ ունի Աբխազիոյ հետ եւ անոր անկախութիւնը ճանչցաւ 2008-ին մէկ այլ ինքնահռչակ հանրապետութեան՝ Հարաւային Օսեթիոյ շուրջ Վրաստանի դէմ պատերազմ մղելէ ետք։ Սակայն աւելի հարաւ, դէպի Վրաստան կապը խզուած է։
Վրաստանի հարաւային դրացին՝ Հայաստանը Ռուսիոյ հետ երկաթուղագիծի ուղղակի կապէ մը շահ պիտի ապահովէ։ Անոր նախագահը՝ Սերժ Սարգսեան Մարտի կէսերուն Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ  Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումէն ետք այդ հարցով անմիջական յառաջդիմութեան ակնկալիքը յառաջացուց։
Հայաստան հաւանաբար աբխազական երկաթուղագիծի ծրագիրէն ամէնէն առաւել շահ ապահովող կողմը պիտի ըլլայ, որովհետեւ Ռուսիոյ դէպի հարաւ ուղղուող երկրորդ գիծը Կասպից ծովու եզերքէն կը հասնի Ազրպէյճան, որուն հետ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառով որեւէ յարաբերութիւն չունի։
Վրաստանէն անցնող իր ճամբաներէն բացի, Հայաստան առեւտուրի եւ փոխադրամիջոցներու կապ ունի հարաւը գտնուող Իրանի հետ։ Եթէ աբխազական երկաթուղագիծը վերակենդանանայ, Հայաստան համարեայ մեկուսացումէն դուրս գալով՝ Ռուսիայէն Արաբական ծոց երկարող գիծին վրայ դիրք պիտի գրաւէ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.