Թուրքիա Զայրացած Է Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Պապի Յայտարարութենէն


ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Հիւրրիյէթ», «Նիուզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուրբաթ, Յունիս 7 թուակիր նամակով մը պաշտօնական բողոք ներկայացուցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատող Ֆրանսիս պապի յայտարարութեան դէմ, միաժամանակ՝ իր յուսախաբութիւնը եւ դժգոհութիւնը յայտնելով ու Անգարայի մօտ Վատիկանի դեսպանը նախարարութիւն կանչելով:
Յիշեցնենք, թէ 2006ին, երբ Ֆրանսիս պապը Պուէնոս Այրեսի արքեպիսկոպոսն էր, կոչ ըրած էր Թուրքիոյ իշխանութեանց, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նամակին մէջ կոչ կ՛ընէ պապին, որ պատմական հարցերու միջամուխ չըլլայ: Թրքական «Զաման» թերթը նաեւ կը հաղորդէ, թէ Հռոմի պապը փափաք յայտնած է Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին կապակցութեամբ Հայաստան այցելելու եւ Երեւանի մէջ հոգեւոր արարողութիւն կատարելու:
Միւս կողմէ, Վատիկանի մօտ Հայաստանի առաջին դեսպան Միքայէլ Մինասեանը, որ Յունիս 7ին հաւատարմագիրները յանձնած է պապին, հանդիպման ընթացքին փոխանցած է նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Հայաստան այցելելու հրաւէր: Հռոմի պապը խոստացած է քննել Հայաստան այցելելու կարելիութիւնները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.