1 յունուարի դրութեամբ դատաբժշկական փորձաքննութեան ենթարկուած է զինծառայողի 330 մարմին

«Երկիր».- Առողջապահութեան Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան դիմատետրի իր էջով գրած է, որ 1 Յունուարի դրութեամբ դատաբժշկական փորձաքննութեան ենթարկուած է 3330 նահատակի դի:
«Դիերու նոյնականացման եւ ճանաչման գործընթացի կազմակերպումին համար պատերազմի սկիզբէն մինչեւ օրս մարմիններէն եւ աճիւններէն առնուած է 1441 օրինակ:
1 Յունուարի դրութեամբ դիերու կամ աճիւններու 871 օրինակ հետազօտումի փուլին մէջ է:
Մինչեւ օրս դատաժառանգական հետազօտութեան հետեւանքով նոյնականացուած է 436 դի: Վերջին 10 օրերուն նոյնականացուսծ է 66 դի:
Առողջապահութեան Նախարարութեան դատաբժշկական գիտագործնական կեդրոնի մասնագէտները առանց հանգիստի կը շարունակեն հետազօտութիւնները եւ նոյնականացումները», գրած է ան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.