103 Տարի Առաջ. Սողոմոն Թեհլիրեան Գետին Կը Փռէր Դահճապետ Թալէաթը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Այսօր վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատու դահճապետ Թալէաթի ահաբեկման 103-րդ տարեդարձն է:

Սողոմոն Թեհլիրեան ծնած է 2 ապրիլ 1896¬ին, Երզնկայի գաւառի Բագառիճ գիւղին մէջ:

Բագառիճ կը գտնուի Եփրատի Ձոր վտակի ափին` բլուրներու զառիթափ լանջերուն, եւ ունէր 150 տուն հայ եւ նոյնքան ալ թուրք բնակչութիւն: Ձորի աջ ափին կը գտնուէր Սուրբ Յակոբ եկեղեցին եւ կողքին` դպրոցը, իսկ գիւղի բարձունքին` Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին: Բողոքականաց ժողովարանն ու վարժարանը կը գտնուէին ձորի ձախ ափին: Մօտակայ Բագառիճ Փոքր գիւղը կը գտնուէր Խոր ձորի մէջ:

Թեհլիրեաններու նախահայրը իր կռուարար բնաւորութեան համար կոչուեցաւ Թեհլիր (թրքերէն թեհ` կռիւ) եւ անոր սերունդը` Թեհլիրի տղաներ, Թեհլիրեաններ: Թեհլիր Գոնիայի մէջ սրճարան բացաւ, եւ սրճագործութիւնը անոր սերունդներուն փոխանցուեցաւ:

Թեհլիրեանները 85 հոգիէ բաղկացած գերդաստան էին: Խաչատուր եւ Հնազանդ Թեհլիրեաններու որդիներն էին` Միսաք, Սեդրակ, Աւետիս եւ Սողոմոն:

Թեհլիրեաններու տոհմէն քանի մը երիտասարդներ, որոնց շարքին` Խաչատուր, Սերպիա մեկնած էին եւ սուրճի առեւտուրով կը զբաղէին:

Սողոմոն Թելիրեան իր նախակրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստացաւ: Ապա ուսումը շարունակեց Երզնկայի Բողոքականաց եւ Եզնիկեան ու Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ: 1913¬ին փոխադրուեցաւ Սերպիա, հօրը մօտ եւ կը պատրաստուէր Գերմանիա անցնելու, բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար, երբ 1914-ի ամրան սկսաւ Առաջին համաշխարհային  պատերազմը: Աշնան Սողոմոն Սոֆիա անցաւ եւ կամաւոր արձանագրուեցաւ: Հոկտեմբերին Թիֆլիս հասաւ եւ Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող կամաւորական առաջին գունդին միացաւ:

Սողոմոն Թեհլիրեան մասնակցեցաւ Դիլմանի ճակատամարտին, իսկ 1915¬ի մայիսին հայ կամաւորներուն ու ռուսական բանակին հետ Վան մտաւ: Ռուսական բանակի նահանջէն ետք գաղթական ժողովուրդին հետ հասաւ Արարատեան դաշտ: Էջմիածնի եւ Երեւանի մէջ բազմաթիւ որբեր հաւաքեց եւ որբանոցներու մէջ տեղաւորեց:

Երզնկայի հայութեան կոտորածը սկսաւ 1915¬ի յուլիսին: Թեհլիրեաններու բազմանդամ գերդաստանէն փրկուեցաւ միայն Սողոմոնի Միսաք եղբօր աղջիկը` Արմենուհին, որ հետագային քիւրտերուն քովէն փրկագինով ազատեցաւ:

Թեհլիրեաններու գերդաստանէն ողջ մնացած էին նաեւ Սերպիա գտնուող Խաչատուր, անոր որդիները` Միսաք եւ Սեդրակ, եւ եղբայրը` Օսկան:

Ռուսական բանակը 1916¬ի ամրան գրաւեց Երզնկան, որմէ ետք Սողոմոն հնարաւորութիւն ունեցաւ հոն մեկնելու: Երզնկա իր գիւղերով քարուքանդ եղած ու ամայացած էր: Սոսկալի տեսարանը այնքան ցնցեց Սողոմոնը, որ ան ուշաթափեցաւ եւ գետին ինկաւ:

Կովկասեան ճակատի փլուզումէն ետք` 1917¬ին, Սողոմոն Կովկաս անցաւ եւ նուիրուեցաւ որբերու հաւաքման ու պատսպարման աշխատանքին:

* * *

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, 1918¬ի աշնան պարտուած Թուրքիա Մուտրոսի զինադադարի համաձայնագիրը ստորագրեց:

Դաշնակից պետութիւններու ճնշումին տակ օսմանեան կառավարութիւնը Պոլսոյ մէջ կազմեց զինուորական ատեան, որ ի բացակայութեան դատեց եւ մահուան դատապարտեց Իթթիհատի ջարդարար ղեկավարները, որոնք արդէն փախուստ տուած էին երկրէն եւ կը մնային ազատ ու անպատիժ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Երեւանի մէջ 1919 սեպտեմբերին գումարած Թ. ընդհանուր ժողովին, «Նեմեսիս» գործողութիւն անունով, ստանձնեց մահապատիժներու գործադրութիւնը:

Սողոմոն Թեհլիրեան Պոլսոյ մէջ ահաբեկեց Պէշիկթաշի թաղապետ մատնիչ Յարութիւն Մկրտիչեանը, որ Թալէաթի յանձնած էր ցանկը 250 հայ մտաւորականներու, որոնք Եղեռնին զոհ գացին:

Ահաբեկումէն ետք անցաւ Փարիզ, ուրկէ կանչուեցաւ Ամերիկա, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի կողմէ, որ ղեկավարն էր «Նեմեսիս» գործողութեան: Սողոմոն Թեհլիրեանի վստահուեցաւ Թալէաթի ահաբեկման գործադրութիւնը:

Արմէն Գարոյի յանձնարարականով Թեհլիրեան մեկնեցաւ Ժընեւ, ուրկէ անցաւ Պերլին, գործադրելու համար Թալէաթի ահաբեկման ծրագիրը:

Դահճապետ Թալէաթ, Ալի Սալէհ պէյ անունով, Պերլինի Հայտելպէրկ փողոցին վրայ բնակութիւն հաստատած էր:

Թեհլիրեան` իբրեւ ուսանող, սենեակ վարձեց Թալէաթի տան դիմաց, հսկողութեան տակ առաւ զայն եւ 15 մարտ 1921¬ին, առաւօտեան ժամը 10:00¬ին, Շարլոթթենպուրկ փողոցին վրայ, ատրճանակի մէկ գնդակով շանսատակ փռեց

հայասպան հրէշը:

Սողոմոնի յանձնարարուած էր ահաբեկումէն ետք փախուստ չտալ եւ յանձնուիլ, որպէսզի դատուէր եւ իրեն հետ դատէր Թուրքիոյ ցեղասպանական ոճիրը:

Թեհլիրեան ձերբակալուեցաւ, դատուեցաւ եւ գերմանական դատարանին կողմէ ազատ արձակուեցաւ:

* * *

Ազատ արձակուելէն ետք Թեհլիրեան մեկնեցաւ Ամերիկա, յետոյ գնաց Պելկրատ եւ միացաւ իր հարազատներուն: Ամուսնացաւ երզնկացի Անահիտ Թաթիկեանի հետ եւ ունեցաւ երկու զաւակ` Զաւէն ու Շահէն:

Սողոման Թեհլիրեան 1945¬ին Մարոք փոխադրուեցաւ եւ Քազապլանքայի մէջ բնակութիւն հաստատեց, ապա տեղափոխուեցաւ եւ ապրեցաւ Միացեալ Նահանգներու Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքին մէջ, ուր մահացաւ 23 մայիս 1960¬ին եւ Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ թաղուեցաւ:

Հայկական վրիժառութեան կարեւոր դէմքերէն Սողոմոն Թեհլիրեանի անունը մեծատառ գրուած պիտի մնայ հայոց պատմութեան էջերուն մէջ:

Comments are closed.